Հաց Բերողն Ու… Գաղափարական Սովը

Արդէն 17 օրէ ի վեր «Հաց բերողը» հացադուլի մէջ է: Անոր Առողջական վիճակը օրէ օր կը վատթարանայ եւ արդէն իսկ հիւանդ մարմինը կը հիւծի շատ աւելի արագ քան կարելի է պատկերացնել: Ազգային Ժողովի պատգամաւորներ, քաղաքական դէմքեր, մարդկային իրաւանց հարցերով զբաղող մարդիկ, իրաւաբաններ, ընկերներ, հարազատներ եւ ընտանիքի անդամներ ամէն օր կը յորդորեն «Հաց Բերող»ին, որ հրաժարի հացադուլէն, որովհետեւ իր հիւանդ մարմինը շատ երկար չի դիմանար, մահը անխուսափելի է… Բայց «Հաց Բերող»ը կը մնայ անդրդուելի:

2016ի Յուլիսին, երբ խումբ մը զինեալներ գրաւած էին Էրեբունիի ոստիկանական գունդի կեդրոնը, Արթուր Սարգսեան անունով մարդ մը իր ինքնաշարժով ճեղքեց ոստիկանական պաշարման շղթան եւ սնունդ հասցուց 10 օրէ ի վեր այնտեղ գտնուող եւ «Սասնայ Ծռեր» անունով հանդէս եկող զինեալներու խումբին: Այդ օրէն ի վեր, Արթուր Սարգսեանը ստացաւ «Հաց Բերող» անունը եւ մինչեւ այսօր կը ճանչցուի իբրեւ այդպիսին:

Յուլիս 30ին, երբ զինեալները յանձնուեցան ոստիականութեան, «Հաց Բերողը» եւս ձերբակալուեցաւ եւ մեղադրուեցաւ պատանդ վերցնելու, ապօրինի զէնք-զինամթերք ձեռք բերելու, իրացնելու, պահելու եւ փոխադրելու յանցանքներով: Երբ իրաւաբաններ, մարդկային իրաւունքի պաշտպաններ եւ այլ բանիմաց մարդիկ աղմուկ աղաղակ բարձրացուցին եւ անհեթեթութիւն համարեցին միայն ուտելիքով «զինուած» մարդուն նմանօրինակ ամբաստանութիւններով ձերբակալելը, դատախազութիւնը փոխեց «Հաց Բերող»ին մեղադրանքը եւ ան ամբաստանուեցաւ զինուած խումբին օժանդակելուն համար: Դեկտեմբերի վերջին օրը, սակայն, տարիներէ ի վեր առողջական լուրջ խնդիրներ ունեցող Արթուր Սարգսեանը ազատ արձակուեցաւ եւ դատախազութեան կողմէ տրուեցաւ հետեւեալ բացատրութիւնը. «Հիմք ընդունելով բժշկական կոնսիլիումի եզրակացութեամբ Ա. Սարգսեանի մօտ ախտորոշուած հիւանդութիւնը, որը նուազեցնում է նրա կողմից քննութիւնից խուսափելու, նոր յանցանք կատարելու հաւանականութիւնը , վերջինիս նկատմամբ որպէս խափանման միջոց է ընտրուել չհեռանալու մասին ստորագրութիւնը»:

«Հաց Բերողը» ոչ միայն չհեռացաւ, այլեւ իր արարքին, իր հաւատացածին, գաղափարներուն, հայրենիքի վիճակին, իշխանութիւններուն ու հանրութիւնը յուզող հարցերուն մասին տուաւ սպառիչ հարցազրոյց մը, որ առցանց սփռումով արժանացաւ տասնեակ հազարաւոր դիտումներու: Համացանցի վրայ բուռն քննարկումներ յառաջացուցած «Հաց Բերողը» նախքան այդ ալ արդէն դարձած էր հանրութեան կարեւոր մէկ հատուածին սիրելի անձնաւորութիւնը, շա՜տ աւելի սիրուած ու յարգուած, քան բամաթիւ քաղաքական գործիչներ, որոնք այսօր կը փորձեն ճնշումով ու կաշառքով Ազգային Ժողովի պատգամաւոր ընտրուիլ: Յայտնի երգիչ-երգահան Արմէն Մովսիսեանի «Հաց եմ բերել ձեզ, տղերք» երգը յօրինած ու նուիրած էր «Հաց Բերող»ին, նոյնը ըրած էր նաեւ երգահան Եղիշէ Պետրոսեանը, միաժամանկ՝ մեծ թիւով քաղաքացիներ «Հաց Բերողը» ներկայացուցած էին իբրեւ իրենց թեկնածուն՝ Ավրորա մրցանակին համար, իսկ քաղաքացիներու ուրիշ խումբ մը առաջարկեցին Օգոստոսի 9ը (իր տարեդարձի օրը) յայտարարել «Հաց բերողի օր» եւ այդ օրը սնունդ նուիրել կարիքաւոր քաղաքացիներու: Աւելի՛ն, մամուլին մէջ տեղեկութիւններ ի յայտ եկան, որ վարկանիշ չունեցող կուսակցութիւններ «Հաց Բերողը» կ’ուզեն դարձնել իրենց թեկնածուներէն մին՝ քուէ շահելու յոյսով…

Մեծ թիւով դիտումներու արժանացած հարցազրոյցէն կարճ ժամանակ մը ետք, «Հաց Բերողը» գրութեամբ մը կոչ ուղղեց ժողովուրդին, որ Ապրիլ 2-ին՝ Ազգային Ժողովի ընտրութիւններուն օրը, քաղաքացիները հրաժարի քուէարկութեան մասնակցելէ եւ բարձրանան Եռաբլուր, յարգանքի տուրք տալու Ապրիլեան պատերազմի զոհերուն: «Հաց Բերողը» իր այս կոչը կը հիմնաւորէր ըսելով՝

(…)Հարց է առաջանում, թե ինչու՞ են այսօրուայ իշխանութիւնները կատարելով օրէնքների  ակնյայտ խախտումներ, ընտրության օրը տեղափոխում ապրիլի 2-ը:

Ես համոզուած եմ, որ այդօրուայ տեղափոխութիւնը կատարուել է դիտաւորությամբ համայն հայությանը շեղելու ապրիլեան իրադարձութիւններից, ինչպես որ արեցին թուրքական իշխանութիւնները 2015թ. ապրիլի 24-ին (Խօսքը կը վերաբերի Գալիբոլիճակատամարտի յիշատակման օրի տեղափոխմանՐՏ):

Այս ամէնը թոյլ է տալիս հասկանալու և ապացուցուած համարելու, որ ևս մեկ անգամ  Հայաստանի և Թուրքիայի իշխանութիւնների միջև գոյութիւն ունի սերտ եղբայրական համագործակցութիւն` ուղղված համայն հայության  դեմ: Խնդրանք յորդորս` համայն հայութեանը: Ապրիլի 1-ից  4-ը  հանդիսանում են համայն հայութեան համար սգոյ օրեր: Ամեն գնով վիժեցնել ապրիլի 2-ին  նշանակուած խորհրդարանական ընտրութիւնները: Ապրիլի 1-ից 4-ը  պատշգամբներից պետք է խոնարհուեն Հայաստանի և Արցախի դրօշները՝ սգո սև նշանը դրօշակներին կապուած: Ստիպել Հայաստանի ապօրինի իշխանութիւններին յարգել ապրիլեան օրերին հայրենիքի համար զոհուած հերոսների յիշատակը: Ստիպել  ՀՀ կառավարութեան  շէնքի դրօշակի խոնարհմանը: Ապրիլի 2-ին բոլորս մեկ մարդու պէս `ի հիշատակ մեր հերոս զաւակներին, յարգանքի տուրք մատուցել այցելելով  «Եռաբլուր» պանթէոն: Ես իմ խորին ցավակցութիւնն եմ յայտնում Հայրենիքի համար զոհուած հերոսների ընտանիքներին:      

Իր շուքէն վախցող եւ «գող՝ սիրտը դող» հոգեբանութեամբ ապրող իշխանութիւննմերու պատասխանը չուշացաւ: Այս կոչէն մօտ երկու շաբաթ ետք՝ Փետրուար 9-ին, իրաւապահ մարմինները դարձեալ ձերբակալեցին հաց բերողը, տալով այլեւայլ բացատրութիւններ (տեսնել http://www.azatutyun.am/a/28309021.html):

Փետրուարի 10էն ի վեր, «Հաց Բերողը» հացադուլի մէջ է եւ այդ ձեւով կը բողոքէ իր երկրորդ ձերբակալութեան դէմ: 26 պատգամաւորներ դիմում կատարած են Գլխաւոր դատախազին՝ «Հաց Բերող»ին ազատ արձակելու խնդրանքով,  եւ դեռ՝ հազարաւոր քաղաքացիներ ստորագրութիւններ հաւաքած են ու կը շարունակեն հաւաքել՝ պահանջելով անոր ազատ արձակումը, տեղի կունենան բողոքի հաւաքներ, դիմատետրի դիմումներ եւայլն…

Իսկ Սփիւռքահայ մեր թերթերը որքանո՞վ կ’անդրադառնան այս իրադարձութիւններուն, ինչո՞ւ այս տեղեկատուական շրջափակումը, որմէ՞ կը վախնան եւ որո՞ւ յանձնարարականով այս հարցերուն մասին չեն տեղեկացնէր Սփիւռքահայ ընթերցողներուն: Թունիզի մէջ ինքնահրկիզման դիմած արաբ քաղաքացիին պատմութիւնը նո՞յն ճակատագրին ենթարկուած էր Սփիւռքահայ մամուլին մէջ: Հացադուլի դիմած «Հաց Բերող»ին կեանքը նուա՞զ արժէքաւոր է ինքնահրկիզուած թունիզցի արաբէն: Անկախ անկէ, թէ ինչպէ՞ս կը դիտուի հաց բերողին արարքը եւ ի՞նչ հետեւաքներ կրնայ ունենալ անիկա, ինչո՞ւ «Հաց Բերող»ին դէմ դիտաւորեալ լռութիւն կը պարտադրուի Սփիւռքահայ «յանձնառու» համարուող մամուլին: Սփիւռքը իրաւունք չունի՞ տեղեկանալու Հայաստանի մէջ լուրջ ԵՐԵՒՈՅԹԻ վերածուած Հաց Բերողի արարքին, դատավարութեան, ժողովրդային հակազդեցութեան, անոր արարքի դրդապատճառներուն եւ այլ առնչակից հարցերու մասին: Ռաբիզ երգիչի մը նախագահին կողէ մետալ ստանալը աւելի կարեւո՞ր լուր է քան «Հաց Բերողի» հացադուլը: Մեր թերթերու հրատարակիչները չե՞ն հասկնար, որ 21րդ դարուն արդէն վաղու՜ց անհնար դարձած է համայնավարական-ամբողջատիրական վարչակարգերու ոճով լրատւութեան հովանաւորչութիւնն ու կառավարումը…

Ի վերջոյ, ի՞նչն է պատճառը սփիւռքահայ մամուլի այս լռութեան, ի՞նչն է պատճառը Հայաստանեան ընկերատնտեսական, քաղաքական կեանքի ԲՈԼՈՐ իրադարձութիւնները լուրջ, սպառիչ եւ համակողմանի քննարկումի բացակայութեան… Հայրենիքի կայունութիւնը վտանգելու վա՞խ, կողմնակալութեամբ ամբաստանուելու մտահոգութի՞ւն, թէ  արդէն շատ աւելի վտանգաւոր՝ Հայաստանի իշխանական շրջանակներէն ճիպոտով առաջնորդուելու պարտադրանք, կամ՝ սկզբունքային կեցուածքի բացակայութիւն ու գաղափարականութեան սով…

(Շարունակութիւն 1)

Րաֆֆի Տուտագլեան
rafdoud@aol.com

Comments

comments