ԴԷՊԻ ԵՐԿԻՐ ԹԷ՞ ԱՐԻ ՏՈՒՆ

ԴԷՊԻ ԵՐԿԻՐ ԹԷ՞ ԱՐԻ ՏՈՒՆ:

 

«Պիտի համաձայնիմ «Դէպի Երկիր» նշանաբանին հետ, բայց այլեւս միայն անհատական մակարդակի վրայ, որովհետեւ ո՛չ Հայաստանի պետական կառոյցը ներգաղթը ընկալած է որպէս ազգային առաքելութիւն (եւ չունի այդ նպատակին համար պէտք եղած միջոցները) եւ ո՛չ ալ Սուրիահայը (խօսքս մեծամասնութեան մասին է) կը մտածէ հրաժարիլ Սուրիայէն, երբ տակաւին կը շարունակէ վայելել իրեն բաժին ինկած իրաւունքները ու ապրելակերպը, որոնց սիրոյն ան պատրաստ է անվարան յստակ դիրքորոշում դրսեւորել ի նպաստ ներկայ իշխանութեան:

«Դէպի Երկիրը» այլեւս փոխարինուած է «Արի Տուն»-ով։ Տարբերութիւնը մեծ է: Դէպի Երկիր-ով մշտական տանտէր կը դառնաս, իսկ Արի Տունով յաւիտենական հիւր կը մնաս:

Բայց ինչո՞ւ մեղադրենք պարզ ժողովուրդը երբ կը տատամսի հիւրէն տանտէրի կարգավիճակին անցնիլ: Այդ իր յանցանքը չէ: Տանտէր ըլլալը փուշերով ցանուած ճանապարհ է, որուն փուշերը մե՛նք ցանած ենք ազգովին թէ՛ որպէս հասարակութիւն եւ թէ՛ որպէս պետականութիւն:

Աշխատինք Հայաստանի վերելքին համար եւ երբ երկիրը յառաջդիմէ, այլեւս նոյնիսկ ոչ հայերուն համար քաշողականութիւն կ’ունենայ:

Մինչ այդ Հայաստանի դռները թող լայն բացուին Սուրիահայութեան առջեւ եւ թող պահպանուին կապերը այս պատմական իւրայատուկ համայնքին հետ: Սուրիական տագնապի լոյսին տակ կուտակուած փորձառութիւնը թող ծառայէ երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացումին՝ ճանաչողական աւելի բարձր մակարդակի վրայ:

Հայաստանը որպէս երկրորդ հայրենիք դաւանիլը կարելի է նոյնիսկ իբրեւ դրական ցուցանիշ ընդունիլ այնտեղ ուր, պայմաններու բերումով, այդպիսի մտածելակերպ տիրական կը դառնայ»։

Հրաչ Քալսահակեան

Comments

comments