«Պէտք է անպայման համբերել, դիմանալ ու պայքարողի հոգեբանութեամբ զինուիլ» Կիրակոս Գույումճեան

Հալէպահայութեան տկարութիւնը վնասակար է ամբողջ Միջին Արեւելքի հայութեան. Կիրակոս Գույումճեան

Հաստատօրէն պէտք է հաւատանք, թէ ապագան անցեալէն աւելի լաւ պիտի ըլլայ

Կիրակոս Գույումճեան կը գրէ Հալէպի մասին Լիբանանեան հանրածանօթ «Աննահար» թերթին մէջ (19 Օգոստոս 2012)

«Սիրելի Հալէպ» խորագիրը կրող գրութեան մէջ Գույումճեան նախ կ’անդրադառնայ Հալէպի անցեալին ու դարերու ընթացքին համաշխարհային եւ արաբական պատմութեան ու մշակոյթին մէջ ունեցած նեդրումին, ապա կը նկարագրէ Հալէպահայութեան ունեցած կարեւոր դերակատարութիւնը տեղական սուրիական եւ համահայկական սփիւռքեան կեանքէն ներս:

Կը նշէ, թէ Հալէպէն հեռանալով հայեր շատ բան պիտի կորսնցնեն, յատկապէս քար առ քար կառուցուած հայկական եկեղեցիները, դպրոցները, հաստատութիւնները, անհատական վաճառատուները եւայլն, ինչպէս նաեւ ոգեղէն հսկայական ժառանգ մը: Այդ միայն Թուրքիոյ պիտի ուրախացնէ, կ’եզրակացնէ ան:

«Հալէպի հայերը մէկ մասն են այն թոքին որու միջոցով կը շնչէ Հայաստանը եւ անոնց բացակայութեամբ հայ պետութեան շնչառութիւնը ինչ որ չափով պիտի տկարանայ», կ’ընդգծէ ան, աւելցնելով թէ Հալէպահայութիւնը այն յենարաններէն մէկն է որուն վրայ կանգնած է «հայրենիքի վրանը»: Նաեւ Հալէպահայութեան տկարութեամբ պիտի տկարանայ Միջին Արեւելքի հայութիւնը: Սուրիան որպէս երկիր շատ բան պիտի կորսնցէ իր հերթին, կը հաստատէ Գույումճեան:«Հայեր պէտք է պատրաստուին դժուարութիւնները դիմագրաւելու եւ ըլլալու զգոյշ, ինչպէս նաեւ պաշտպանուելու, երբ իրենց կամ իրենց ստացուածքներուն վրայ որեւէ յարձակում կամ ոտնձգութիւն տեղի ունենայ կարգ մը կործանարար գողերու կողմէ, որոնք այսպիսի օրերու եւ պարագաներու կը շատնան», կ’աւելցնէ ան:

Կիրակոս կ’աւարտէ իր խօսքը հրաւիրելով հայերը, որ ընբռնեն թէ քաղաքական տագնապներ ու ժողովրդային յեղափոխութիւններ տեղի կ’ունենան ժողովուրդներու կեանքին մէջ, բայց «իմաստութիւն չէ հրաժարիլ հողէ եւ ստացուածքներէ, որոնք այնքան հսկայական աշխատանքով ձեռք ձգուած են: Պէտք է անպայման համբերել, դիմանալ ու պայքարողի հոգեբանութեամբ զինուիլ, որքան որ դժուար ըլլան ժամանակները: Հաստատօրէն պէտք է հաւատանք որ ապագան անցեալէն աւելի լաւ պիտի ըլլայ եւ թէ պայծառ վերածնունդ մը կը սպասէ սիրելի հայրենիք Սուրիոյ, որ պիտի մեզ համար վստահաբար ըլլայ լաւագոյն հատուցումը այս տագնապէն ետք»:

Source: Ազատ-Հայ

Comments

comments