Գարեգին Փաստրմաճեան «Արմէն Գարօ»

Գարեգին Փաստրմաճեան «Արմէն Գարօ»
9 Փետրուար 1872 – 27 Մարտ 1923

Կենսագիրներու վկայութեամբ, կենսուրախ այս մեծ հայուն սիրտը անբուժելիօրէն հիւանդացաւ 1915ին, երբ թրքական կառավարութիւնը ի գործ դրաւ հայ ժողովուրդը բնաջնջելու ցեղասպանական իր ահաւոր ծրագիրը։ Մեծ Եղեռնի օրերուն Արմէն Գարօ կը գտնուէր Թիֆլիս եւ, իր անզօրութեան մէջ կատաղած՝ վիրաւոր առիւծի նման, հիւանդագին տարաւ սահմանի միւս կողմէն հասնող թրքական ոճրագործութեան արիւնալի լուրերը… Եւ յուշերու մէջ արձանագրուած է, որ Սասնոյ վերապրող հայութեան գաղթական բազմութիւնները դէպի Արարատեան Դաշտ առաջնորդող Ռուբէնին դիմաւորելով՝ Արմէն Գարօ ջղագար դիտողութիւն կատարած է, թէ «ինչո՞ւ դուն ողջ մնացիր»…
Արմէն Գարօ ի՛նք կը պատմէ «Հայրենիք» ամսագրի առաջին համարով (1922ի թիւ 1) լոյս տեսած իր յուշերուն մէջ, որ՝ «1916ի Յունուարին մեզ համար պարզուեցան Մեծ Ոճիրին չափն ու մանրամասնութիւնները։ Քաշուեցայ Գանձակ, իմ քենեկալ Յովսէփ Բէգ-Մելիք Բէգլարեանի մօտ, մինակութեան մէջ ջղերս բժշկելու համար։ Իրենցմէ խնդրեցի ինձ հանգիստ թողուլ, ոչ մէկ հիւր ընդունիլ ինձ համար։

«Օրերով սենեակէս դուրս չէի գար. կը ծխէի անվերջ եւ կը քալէի անդադար սենեակիս մէջ, եւ երբ յոգնած կը փորձէի քիչ մը քնել, սոսկալի երազներէս վեր կը ցատկէի անկողնէս։ Դիակներու անվերջ կոյտեր կ’երեւային աչքերուս, եւ այդ կոյտերուն մէջէն կը նշմարէի իմ պաշտելի մայրիկիս գեղեցիկ աչքերը, քոյրերս ու եղբայրներս իրենց սիրունիկ փոքրիկներով, եւ բոլոր աչքերն ալ դէպի ինձ դարձած։ Արցունքներէն խեղդուելով վեր կ’ելնէի ու կը փորձէի կարդալով լուսացնել գիշերը»…
Այդպէս ալ, մինչեւ 1923ի Մարտ 27ի իր վերջին ու մահացու սրտի կաթուածը, Արմէն Գարօ երբեք չկրցաւ հաշտուիլ սեփական ժողովուրդի ցեղասպանութեան եւ հայրենի բնօրրանի հայաթափման դառն եւ դաժանագոյն իրականութեան հետ։
Հայաստանն ու հայութիւնը զգետնած ազգային աղէտին ծանրագոյն տարողութեամբ եւ նշանակութեամբ միայն կրնայ իր բացատրութիւնը գտնել Արմէն Գարոյի սրտին այսօրինակ հիւանդացումը, որմէ չկրցաւ բուժուիլ Հայկական Յեղափոխութեան Յանդուգն Ասպետը. մինչեւ իսկ Հայասպանութեան պատասխանատուները արդարահատոյց մահապատիժի ենթարկած Նեմեսիսի գործողութեան ղեկավարման մէջ իր ունեցած վճռական դերակատարութիւնը բաւարար բալասան չեղաւ Գարոյի մեծ Ցաւը մեղմացնելու համար։
«Թէեւ,- ինչպէս որ իր անժամանակ վախճանէն ամիսներ առաջ գրուած իր յուշերուն մէջ խոստովանած է Գարօ,- հոգուս խորքին մէջ համոզուած էի, որ այսքան անարդարութիւն անպատիժ չէր մնալու, որ թափուած արիւնը ի զուր պիտի չանցնի եւ որ պատմութիւնը օր մը իր վրէժը պիտի լուծէ ռուսական եւ թրքական կայսրութիւններէն»։
Արմէն Գարոյի անձնապէս ապրած խորագոյն այս մղձաւանջը վարակեց ամբողջ սերունդը հայ ժողովուրդի խաչելութեան եւ յարութեան ծանրակշիռ այդ ժամանակաշրջանին։ Մտաբերեցէք դատավարութիւնը Սողոմոն Թեհլիրեանի, յիշեցէք անոր տուած վկայութիւնը եւ պիտի անդրադառնաք, որ հայասպան Թալէաթի արդարահատոյց ահաբեկիչը իր կարգին հալածուած էր միեւնոյն մղձաւանջէն։
Իրաւամբ նոր ժամանակներու Հայ Ասպետի մարմնացումը եղաւ Արմէն Գարօ եւ Խրիմեան Հայրիկ, վստահաբար, ի մտի ունէր Գարոյի օրինակով յանդուգն եւ ուխտաւոր հայ յեղափոխականները, երբ Դաշնակցութեան ծաւալած ազգային-ազատագրական շարժումը կ’անուանէր «Հայկական նոր Ասպետութիւն» եւ անոր շուրջ բոլորուելու յորդորը կþուղղէր իր ժողովուրդի զաւակներուն։
1896ի Օգոստոսին Պանք Օթոմանի գրաւման յանդուգն գործողութեամբ հռչակուեցաւ Արմէն Գարօ անունը, իբրեւ Դաշնակցութեան որոշած ցուցական այդ մեծ քայլին ղեկավար Բաբգէն Սիւնիի օգնականը եւ, Օսմանեան Կեդրոնական Դրամատան գրաւման պահուն Սիւնիի նահատակութենէն ետք, գործողութեան ղեկավարը, որ 24 տարեկան էր։

Արմէն Գարօ անունը ի՛նք ընտրած էր՝ յեղափոխական իր գործունէութեան առաջին իսկ քայլերէն։ Աւազանի անունը Գարեգին Փաստրմաճեան էր, ծնած էր 1872ին Կարին, մեծատուն ընտանիքի մը յարկին տակ եւ իր խռովայոյզ կեանքի ընթացքին հպարտութեամբ քալեց աշխարհի մեծ ու փոքր բոլոր քաղաքներէն՝ մեծ հօր Խաչատուր Էֆենտիի եւ հօր Յարութիւն Փաստրմաճեանի արժանաւոր շառաւիղը ըլլալու ինքնագիտակցութեամբ։

Կարնոյ հռչակաւոր «Սանասարեան» վարժարանի առաջին շրջանաւարտներէն էր։ 1891ին, ուսումը շարունակելու նպատակով, մեկնեցաւ Ֆրանսա՝ հետեւելու համար Նանսիի Համալսարանի երկրագործական գիտութեանց։ Տակաւին ուսանող, 1895ին, քանի մը ընկերներով անցաւ Ժընեւ, ուր Քրիստափորի եւ Ռոստոմի ծանօթանալով՝ անդամագրուեցաւ Դաշնակցութեան։ Ուսումը կիսատ թողած՝ կազմակերպական յանձնարարութեամբ մեկնեցաւ Եգիպտոս, ուր յեղափոխական գործին զէնք ու նուիրեալ ապահովելու աշխատանք տանելէ ետք, անցաւ Պոլիս եւ 1896ի Օգոստոսին, Բաբգէն Սիւնիի հետ, ծրագրեցին ու իրականացուցին Պանք Օթոմանի գործողութիւնը։

Դրամատան պարպումէն եւ իր զինակիցներուն հետ Ֆրանսա տեղափոխութենէն ետք, Արմէն Գարօ դժուարութիւն ունեցաւ ամբողջացնելու իր կիսաւարտ ուսումը, որովհետեւ ֆրանսական կառավարութիւնը իբրեւ ահաբեկիչի «անբաղձալի տարր» հռչակած էր հայ յեղափոխականները եւ անոնց արտաքսումը հրահանգած։ Գարօ անցաւ Ժընեւ եւ Ժընեւի Համալսարանին մէջ շարունակեց իր ուսումը։

1898ին, Հ.Յ.Դ. Երկրորդ Ընդհանուր Ժողովին, Գարօ ընտրուեցաւ Դաշնակցութեան Արեւմտեան Բիւրոյի անդամ եւ եռուն գործունէութիւն ծաւալեց Եւրոպայի հայ ուսանողութեան յեղափոխական կազմակերպումին, ինչպէս նաեւ եւրոպացի ազատախոհ շրջանակներու մօտ ի նպաստ Հայկական Հարցին համակրանքի շրջանակ ստեղծելու ուղղութեամբ։

1900ին աւարտեց Ժընեւի համալսարանը՝ Քիմիագիտութեան Տոքթորի տիտղոսով եւ 1901ին հաստատուեցաւ Թիֆլիս, ուր հիմնեց սեփական տարրալուծարանը (լապորաթուարը) եւ ամբողջութեամբ նուիրուեցաւ հանրային-հասարակական գործունէութեան։

1903ին, Հայոց եկեղեցապատկան կալուածներու ցարական բռնագրաւման ոտնձգութեանց դէմ Կովկասահայութեան բողոքի եւ ծառացման համաժողովրդային շարժման կազմակերպիչներէն եղաւ։
1905ին, Հայ-Թաթարական ընդհարումներու դժուարին ժամանակաշրջանին, Արմէն Գարօ դարձեալ յառաջապահ դիրքերու վրայ էր՝ հայութեան ինքնապաշտպանութիւնը կազմակերպելու եւ կռիւները ղեկավարելու գործով։
1908ին, Օսմանեան Սահմանադրութեան հռչակումէն ետք, Դաշնակցութիւնը խորհրդարանական իր ցուցակին վրայ, Կարնոյ շրջանէն, առաջադրեց Արմէն Գարոյի թեկնածութիւնը եւ երէկի ահաբեկիչը ընտրուեցաւ Օսմանեան Խորհրդարանի պատգամաւոր։ Արմէն Գարօ շատ լաւ կը ճանչնար թրքական մոլեռանդութիւնը, որպէսզի հաւատք չ’ընծայեր իթթիհատական ազատախոհական նշանաբաններուն։ Ռուբէնի հետ միասին՝ հայութիւնը զինելու եւ, սեւ ու մութ օրուան նախատեսութեամբ, ինքնապաշտպանութեան մեր կռուանները ամրապնդելու ուղեգիծին դրօշակիրներէն դարձաւ Գարօ։

1914ի աշնան, իթթիհատականներէն լրիւ հիասթափուած՝ Արմէն Գարօ վերադարձաւ Թիֆլիս, ուր տենդագին նուիրուեցաւ Հայ Կամաւորական Շարժման կազմակերպումին։ Դրոյի կողքին՝ մասնակցեցաւ թրքական զօրքերու դէմ հերոսական գործողութիւններուն։ Ահա՛ այդ շրջանին էր, որ յաղթական մուտք գործելով Վան եւ դիմաւորելով Մուշի ու Սասունի հայ գաղթական բազմութիւնները, Արմէն Գարօ ստացաւ սրտի ծանրագոյն խոցը եւ հիւանդացաւ իր կեանքին դաժանագոյն Ցաւով։
Հայաստանի անկախութեան նուաճումով եւ Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրումով՝ Արմէն Գարօ ընտրուեցաւ Հայաստանի Խորհուրդի, ապա՝ Հայաստանի Խորհրդարանի պատգամաւոր, իր եռանդն ու հեղինակութիւնը միաժամանակ ի սպաս դնելով Դաշնակցական կազմակերպութեան ուժեղացումին, հետագայ վտանգներուն պատրաստ գտնուելու հաստատակամութեամբ։

1920ին, կառավարութեան որոշումով, Արմէն Գարօ մեկնեցաւ Փարիզ, իբրեւ Հայոց Ազգային Պատուիրակութեան անդամ։ Մասնակցեցաւ Սեւրի Դաշնագրի եւ խորհրդայիններու հետ Դաշնակցութեան վարած Ռիկայի բանակցութիւններուն։ Այնուհետեւ անցաւ Ուաշինկթըն՝ իբրեւ Մ. Նահանգներու մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան։

Դեռ յիսուն տարեկան չէր եղած Արմէն Գարօ, բայց սիրտը այլեւս յոգնած էր՝ անպատիժ մնացած հայ ժողովուրդի Ցեղասպանութեան ծանրագոյն բեռը կրելով։ Դիւանագիտական զգայուն պաշտօնի վրայ գտնուելով հանդերձ՝ իր վերջին ուժերը հաւաքեց եւ լարեց՝ ի խնդիր Երեւանի մէջ 1919ին գումարուած Հ.Յ.Դ. 9րդ Ընդհանուր Ժողովի Իթթիհատական ցեղասպան պարագլուխները մահապատիժի ենթարկելու որոշումին, «Նեմեսիս» անուանուած գործողութեան իրականացումին։

Հայկական Յեղափոխութեան Յանդուգն Ասպետը հասաւ իր նպատակին։ 1921էն 1923, Պոլսոյ, եւրոպական մայրաքաղաքներու եւ Անդրկովկասի մէջ, իրարու ետեւէ, անկենդան գետին փռուեցան հայ ժողովուրդի դէմ պետականօրէն գործադրուած Ցեղասպանութեան պատասխանատուները։ Արմէն Գարոյի սիրտը չբուժուեցաւ սակայն։ Կորուստն ու Ցաւը անտանելիօրէն ծանր էին։

Եւ 1923ի Մարտ 27ին, երբ Ժընեւի մէջ կը մասնակցէր Ռուսաստանի նուիրուած միջազգային խորհրդաժողովի մը, վերջնականապէս բաբախելէ դադրեցաւ Յանդուգն Ասպետին երկիւղ չճանչցող ու սեփական մահը արհամարհող սիրտը։

Comments

comments