Մերուժան Մոսիյեան

Ծնած է Մարտունի 1965-ին: 1988-ին աւարտած է Ստեփանակերտի մանկավարժական հիմնարկի բաժինը: Առաջին իսկ օրէն Մոսիյեան միացաւ Արցախեան շարժումին: Ան յատկապէս

Մարտունիի մէջ, զբաղեցաւ ինքնապաշտպանական կառոյցներու ստեղծման աշխատանքներով:
1992-ի աշնան, Մերուժան դարձաւ Մարտունիի առաջին գումարտակի հրամանատարը:

Անոր հրամանատարութեամբ գումարտակը մասնակցեցաւ Կուրապատկինօ, Ղարադաղլու եւ Ամինլար գուղերու թշնամի դիրքերու ոչնչացման կռիւներուն, Ապտալ, Կիւլապլու, Ջանթաղ եւ Կիւլաթաղ գիւղերու, Քելբաջարի շրջանի ազատագրութեան:

Մերուժան Մոսիյեան, Մհեր Ջուլհաճեան, Արտակ Մնացականեան եւ Լեւոն Համբարձումեան նահատակուեցան 23 Օգոստոս 1993-ին երբ զանոնք փոխադրող ինքնաշարժը բախեցաւ հակահրասայլային ականի մը:

Մերուժան մահէն վերջ ստացաւ հազարապետի աստիճան եւ պարգեւատրուեցաւ «Մարտական խաչ» առաջին կարգի շքանշանով:

Ամուսնացած էր եւ հայր՝ 3 երեխաներու: Կրտսեր որդին Մերուժանը, ծնաւ հօրը նահատակութենէն ետք:
Մոսիյեան Հ. Յ. Դ. Շարքերուն միացած է 1990ին: 1991-ին ընտրուած է Հ. Յ. Դ. Մարտունիի Կոմիտէի անդամ, եւ 1992-ին Հ. Յ. Դ. Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ:

Comments

comments