Սերժ Թովմասեան

28 Մարտ 1976ին, Անթիլիասի «Աղբալեան» ակումբին մէջ անձնուրաց գաղափարապաշտներու փաղանգին վրայ գումարուեցաւ նոր անուն մը՝ Սերժ Թովմասեան, երբ գերագոյն զոհաբերութեան յեղափոխական աւանդին հաւատարիմ՝ ընտրեց նահատակութեան լուսապայծառ ուղին, որպէսզի ուրիշներ ապրին:

Սերժ Թովմասեան ծնած է 1943ին, Թեհրան: Նախնական եւ միջնակարգ ուսումը կը ստանայ հայոց ազգային «Քուշեշ» եւ «Շահին» դպրոցներուն մէջ: Տակաւին աշակերտ՝ հայ ժողովուրդի անցեալին, ներկային, ճակատագիրին եւ ազգային գերագոյն նպատակներուն հանդէպ յատուկ հետաքրքրութիւն ցոյց տուած Սերժ Թովմասեան կը դառնայ ՀՅԴ Պատանեկան միութեան անդամ:

Համեստ, նախաձեռնող եւ ընկերասէր պատանին շուտով կը գրաւէ իր պատասխանատուներուն ուշադրութիւնը: Կը ծանօթանայ հայ ժողովուրդի յեղափոխական անցեալին, կը կազմէ ոգի ու նկարագիր, կը ճշդէ իր կոչումը եւ կը միանայ իր պաշտած գաղափարներով ապրող ՀՅ Դաշնակցութեան շարքերուն: Զինուորական ծառայութիւնը աւարտելէ ետք, Սերժ Թովմասեան տարի մը կ՛ուսանի Իսֆահանի համալսարանի հայագիտական ամպիոնին մէջ, ապա՝ 1969ին, կը փոխադրուի Պէյրութ եւ կը սկսի հետեւիլ կուսակցական դպրոցի դասընթացքներուն: Այս շրջանին ան նաեւ կը հետեւի Սեն Ժոզեֆ համալսարանի Արեւելեան դպրութեանց դպրոցի հայագիտութեան ճիւղի դասընթացքներուն եւ իր գործօն մասնակցութիւնը կը բերէ ուսանողական եւ կուսակցական կեանքին: 1970-1976 տարեշրջանը Սերժին համար կ՛ըլլայ բեղուն գործունէութիւններու հարուստ ժամանակահատուած մը:

ՀՅԴ «Զաւարեան» ուսանողական միութեան մէջ իր լուռ, հեզահամբոյր, կենսունակ եւ բոլորանուէր նկարագրով յատկանշուած Սերժ Թովմասեան նախ կը ստանձնէ պատասխանատուութիւնը «Զաւարեան» աշակերտական միութեան Պէյրութի մասնաճիւղին, ապա կ՛ընտրուի Ուսանողական մարմինի անդամ: Այս շրջանին ան նաեւ իր գործօն մասնակցութիւնը կը բերէ ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութեան ծրագրումի եւ իրականացման աշխատանքներուն, իսկ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի բռնկումէն ետք, ամբողջութեամբ կը նուիրուի երիտասարդական շարքերու մարտական պատրաստութեան պատասխանատու գործին:

Նիկոլ Դումաններու եւ Գարեգին Նժդեհներու օրինակով մարտական ու մտաւորական տիպարները մէկ կերպարի մէջ միաձուլած Սերժը կը դառնայ հարազատ անդամը դաշնակցական բոլո՛ր ակումբներուն: Կը գործէ տիւ ու գիշեր՝ ի խնդիր լիբանանահայութեան ֆիզիքական պաշտպանութեան եւ հայ ժողովուրդի կենսական շահերու ապահովման: Եւ երբ կը հնչէ գերագոյն զոհաբերութեան պահը, կ՛ընտրէ նահատակութեան ուղին՝ փրկելու համար տասնեակ մը մատղաշ կեանքեր:

Comments

comments