Սուլուխ Գիւղի Կռուի Երգը

Սուլուխ Գիւղի Կռուի Երգը

Սոսկումն ահաւոր պատեց Մշոյ դաշտ,
Նորէն հառաչեց հէք սուլթան անհաշտ.
Սարսափը մեծ էր, վախցաւ օսմանցին,
Ղումանտար կանչեց քէօսա պինպաշին,
Հասիր բանակով ապստամբ Սուլուխ,
Սկսի կրակ, բարձրանայ վեր մուխ։

Ազատ որդիներ Գէորգ եւ Ռուբէն
Ի՞նչ միջոց պէտք է որ ի գործ դնեն.
Ուզեցին քաշուիլ ի սէր գիւղացւոց,
Պինպաշին կռուոյ փողը հնչեցուց.
Տասնեակ զատուելով տղերք դիրք առին,
Աստուած կանչելով կրակ բաց արին։

Կռուեցէք, տղերք, Գէորգ կը ձայնէր,
Տաքցաւ հրացան վառեց գնդակներ։
Ի մէջ մեծ յուզման քաջ ֆէտաներին,
Այրեր էր հրացան Գէորգ Չաւուշին,
Երբ ինք անտարբեր հրացան կը քննէր,
Գնդակի կայծ մը ձախ կողմ կը մտնէր։

Զարնուեր էր Գէորգ, սարերի ասլան,
Իր զէնքին նայեց, մէկ ալ իր արեան,
Ուղղեց մօսինը իր նպատակին,
Ոռնաց, վար ինկաւ քէօսա պինպաշին.
Երբ ինկած տեղից ուզեց վեր կանգնիլ,
Հասաւ Մքոյից գնդակ մահաբեր։

Տանիքն ընկողմած Գէորգ կը դիտէր,
Զարկէ՛ք, անխնայ, տղերք կը ձայնէր.
Թող մեր հրացանի որոտման ձայնէն,
Սարսափի սուլթան Եըլտըզի գահէն։
Դէ՛հ կռուինքտղերք, մինչեւ շունչ վերջին,
Արժանի լինենք փառաց պսակին։

Արեւն որ անցաւ Իննակեան սարէն,
Մարտադուլ կանչեց ռազմագէտ Ռուբէն.
Սարհատ սիրականն հետերնիդ տարէք,
Կանաչ դաշտի մէջ զքաջն պառկեցուցէք,
Եւ արտասուախառն ֆէտայիներ,
Համբուրել գացին Գէորգ Չաւուշին։

Լուսին բարձրացաւ դէպ՝ երկնից կամար,
Մշոյ դաշտ տրտում տխուր կ՚երեւար,
Է՜ մնաս բարեաւ հառաչեց Սարհատ,
Ա՜խ չտեսայ զքեզ վայրկեան մը ազատ,
Փչեց վերջին շունչ ըսաւ լուսնակին,
Սիրոյ ողջոյնս տար Անդրանիկ պետին։

ImArmenian.Com Team

Comments

comments