Բարեգործական ծրագրեր

«Փոքրիկ Անակիտ»ի Ծրագիր – 2018 թուականի ամփոփում


2013 Ամփոփում

«Յոյս Հայաստանի եւ Արցախի Երեխաներուն» հիմնադրամը, «Ռատիո Եան»-ի հետ համագործակցութեամբ, 2013-ին իրականացուցած է հետեւեալ ծրագիրները. – Լոռի մարզի, Ժիլիզա գիւղին մէջ, Սարգսեաններու ընտանիքի դպրոցական վեց երեխաները ապահովուած են կօշիկով, որպէսզի հնարաւոր դառնայ դպրոց յաճախել պատշաճ կերպով:

Նպատակը իրականացնելու համար նուիրատւութիւններ կատարած են՝ պարոն Արա Հանչէրեան (Գանատա), պարոն Յովիկ (Ֆրանսա) եւ պարոն Ռազմիկ Եսայեան (Լիբանան):

“Ռահել Վարժապետեան-Հարմանտայեան հիմնադրամ Ֆոնտ”-ը նոյն ընտանիքին նուիրած է երկու անկողին եւ երկու վերմակ:

Դարձեալ նոյն գիւղին մէջ՝ հաշուի առնելով յառաջիկային այնտեղ դասատուի կարիքը եւ նկատի ունենալով երիտասարդ Սիրարփի Սարգսեանի պատրաստակամութիւնը յառաջիկային աշխատելու իբրեւ ուսուցիչ պապենական գիւղին մէջ՝ հիմնադրամը, յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով, նպատակայարմար գտաւ ապահովելու անոր ուսանողական կրթաթօշակը: Սարգսեան բազմանդամ ընտանիքի տնտեսական վիճակը քիչ մը բարելաւելու նպատակով՝ 2014 տարուան ընթացքին անոր կնքահայրութիւնը ստացնեց պարոն Վարդգէս Արզումանեանը (Ապու Տապի):

Երիտասարդ այրի Մերի Գրիգորեան, որ կ’ապրէր իր անչափահաս երկու փոքրիկներուն հետ եւ որ աշխատանք ունենալու համար կը փափաքէր բարձրագոյն կրթութիւն ստանալ` “Ռահել Վարժապետեան-Հարմանտայեան հիմնադրամ Ֆոնտ” հիմնադրամը, երկրորդ տարին ըլլալով, ապահովեց 2013-2014-ի անոր ուսման վարձքը` Հայաստանի գիւղատնտեսութեան համալսարանին մէջ հաշուապահութիւն ուսանելու համար:

«Յոյս Հայաստանի եւ Արցախի Երեխաներուն» հիմնադրամը 2014-ին` երկրորդ տարին ըլլալով` ամէն ամիս սնունդով պիտի ապահովէ Արարատ քաղաքի բնակիչ Ալավերդեան ընտանիքը (չորս մանկահասակ երեխայ եւ այրի տիկին Սոֆիկը): Կնքահայրութիւնը ստանցնած է պարոն Շանթ Ոսկերիչեան (Ֆրանսա):

Հիմնադրամը կը փափաքի ապահովել տնտեսական ծանր վիճակի մէջ գտնուող երկու ընտանիքի (չորս պզտիկներով եւ ինը պզտիկներով) յատկապէս սնունդի բաժինը, եթէ կան օգնելու ցանկութիւն ունեցողներ, կը խնդրենք կապուիլ “Յոյս Հայաստանի եւ Արցախի Երեխաներուն” հիմնադրամին:

Նշենք, որ “Յոյս Հայաստանի եւ Արցախի Երեխաներուն” հիմնադրամը ստեղծուած է 2011-ին Ֆրանսայի մէջ: Հաշուի առնելով անապահով ու անօթեւան ընտանիքներու, ինչպէս նաեւ արտագաղթողներու թիւի աճը` Հիմնադրամը նպատակ ունի յոյս եւ հաւատք ներշնչելու Հայաստանի ու Արցախի սահմանամերձ (եւ ոչ միայն) շրջաններու մէջ ապրող ընտանիքներուն եւ յատկապէս երիտասարդներուն: Նշենք, որ հիմնադրամի աշխատակազմը կ’աշխատի միայն ու միայն կամաւոր հիմունքներով: Ծրագիրներուն իրագործումը կը կատարուի անկախ եւ ուղիղ ձեւով, առանց ոեւէ անձի կամ կազմակերպութեան միջամտութեան: Նշենք նաեւ, որ Հիմնադրամի ծրագիրը չի ներառեր այլեւայլ ծախսերու բաժին:

“Յոյս Հայաստանի եւ Արցախի Երեխաներուն” հիմնադրամը այժմ աշխատանք կը տանի իրականացնելու երեք նոր ծրագիր.-

-Գիւմրիի մէջ բնակող Բաբայեաններու վեց հոգինոց ընտանիքը ապահովել բնակարանով` հաշուի առնելով, որ այժմ տնակի մէջ ապրող ընտանիքը երկրին պիտի տայ չորս զինուոր:

-Երեւանի հանրակացարաններէն մէկուն 28ք/մ սենեակի մը մէջ բնակող Փափազեաններու տասը հոգինոց ընտանիքը ապահովել բնակարանով: Ազատամարտիկ Փափազեանի ութ զաւակներէն չորսը կ’ապրին գիշերօթիկի մէջ՝ տեղի եւ սնունդի չգոյութեան պատճառով:

-Լոռի մարզի Ժիլիզա գիւղի Սարգսեան բազմանդամ ընտանիքը (13 հոգի) նոյնպէս ապահովել բնակարանով` հաշուի առնելով անոնց բնակարանային վատ պայմանները:

Նուիրատւութիւն կատարելու կամ ծանօթանալու համար հիմնադրամի անցեալ ու ներկայ ծրագիրներուն, կրնաք այցելել www.asso-eea.com կայքէջ: Նամակ ուղարկելու համար՝ E: Mail asso.eea@gmail.com

“Յոյս Հայաստանի եւ Արցախի Երեխաներուն” հիմնադրամ (Ֆրանսա)