«Ծիծեռնակ»-ի երիտասարդներուն հետ մեր վերջին զրոյցներէն մէկուն ժամանակ խօսեցանք արեւմտահայերէնի մէջ գործածուող մասնիկի մը մասին, որ պզտիկ է, բայց շատ իմաստալից. «կոր» մասնիկը։ «Կոր»-ը խօսակցական արեւմտահայերէնի ներկայ եւ անցեալ անկատար ժամանակներու բայերուն կ’աւելնայ։
Հրայր Եսայեանի ներկայացուցած լեզուական շատ յստակ եւ հետաքրքրական ուսումնասիրութեան մասին տպաւորութիւնս պիտի փորձեմ հոս ամփոփել։
Այս ներկայացումին ընթացքին յիշեցինք որ արեւմտահայերէնն ու արեւելահայերէնը ունին ժամանակային տարբերութիւններ։ Արեւմտահայերէնի մէջ կան պակաս ժամանակներ, ինչ որ ձեւով մը կը պարտադրէ օգտուիլ «կոր» մասնիկէն։ «Կոր»-ը շարունակական կամ անմիջական ներկայի իմաստ կ’արտայայտէ:
Անձամբ, ես միշտ օգտագործած եմ «կոր» մասնիկը եւ ճիշդ է որ զգացած եմ, որ այն շատերուս համար ընդունելի բառ մը չէ։ Հարցումներ կ’առաջանան. արդեօք այն հայերէ՞ն է, ինչո՞ւ ընդունուած չէ գրական հայերէնին մէջ, ինչպէ՞ս կը գործածուի եւ ի՞նչ դեր ունի լեզուին մէջ։
Այս հարցումներուն պատասխան փնտռելը ոչ-մասնագէտներուն համար բաւական դժուար գործ մըն է։ Չէ՞ որ հայերէնի համար դժուար է գտնել արխիւները, քիչ ուսումնասիրութիւններ կան…։
Ինծի համար ամէնէն հետաքրքրականը այն է, որ «կոր» մասնիկը շատ մեծ տեղ ունի խօսակցական արեւմտահայերէնին մէջ, այնպէս որ ամէն արեւմտահայ անպայման կը գործածէ այդ բառը, նոյնիսկ առանց գիտնալու լեզուական օրէնքը։
Տարիներով եւ մինչեւ հիմա «կոր» մասնիկը սահմանափակուած է միայն խօսակցական հայերէնին մէջ։ Գրաւոր արեւմտահայերէնին մէջ զայն կը գտնենք միայն հին աշխարհաբար դեռ անմշակ գրութիւններուն մէջ։
Գիրքերու եւ մամուլի միջոցով «կոր» մասնիկին մասին կարգ մը բանասէրներու կարծիքներուն հիման վրայ ժողովուրդին մէջ տպաւորուած է այն միտքը, որ թրքերէնի «եoր» մասնիկէն կու գայ «կոր»-ը:
Բայց եւ այնպէս, բոլոր լեզուաբանները համաձայն չեն, ոմանք ալ առաջարկած են այլընտրանքներ։
Հայր Արսէն Այտընեան (1825-1902) եւ Յովհաննէս Գազանճեան (1870-1915) կը պնդեն, որ «կոր»-ը թրքերէն է։ 1909-ին Յովհաննէս Գազանճեան կ’առաջարկէ «ահա» գործածել «կոր»-ի փոխարէն, եւ կամ, լեզուի սահունութեան համար, «ահա»-ի փոխարէն «ա» ըսել։
Սակայն բանասէր Արարատ Ղարիբեան (1899-1977) համաձայն չէ Այտընեանի պնդումին, ան կը հաստատէ «կոր»-ի հայերէն ըլլալը։
Պատմաբանասէր Հայր Գաբրիել Այվազեանն ալ (1812-1879) կը յանձնարարէ «կոր»-ը փոխարինել «ահա» (ահաւասիկ) բառով։
Գրող Լեւոն Շանթ (1869-1951), վերացնելու համար ժամանակի շփոթութիւնը, շարունակական ներկայ ժամանակի կազմութեան համար կ’առաջարկէ ապառնի դերբայ + «վրայ» կառոյցը. (օրինակ՝ խօսելու վրայ եմ)։
Պատմական Հայաստանի տարբեր բարբառներ «կոր»-ին հոմանիշ մասնիկներ ունին։ Տանք կարգ մը օրինակներ. Շապին Գարահիսար՝ «տար», Ամասիա եւ Մարզուան՝ «կա», Արաբկիր «ը» կամ «ն», Սեբաստիա՝ «կ» կամ «կոր», Մալաթիա եւ Ուրֆա՝ «ա» (ահա-ի կրճատ ձեւն է)։
Բարբառագէտ, լեզուաբան, բառարանագէտ Հրաչեայ Աճառեան (1876-1953) տե΄ղ մը կ’ըսէ, որ «կոր»-ը հայերէնի մէջ կազմուած է տաճկերէնի ազդեցութեամբ եւ ո΄չ փոխառութեամբ, այլ տեղ մըն ալ կ’ըսէ որ մաքուր հայերէն է։ Վերջիվերջոյ կը հաստատէ, որ թրքերէն չէ, այլ հայերէն է, «կ» եւ «որ» մասնիկներու գումարումով «կոր» եղած է։
1911-ին, բանասէր Խաչատուր Լեւոնեան Վանի մէջ լոյս տեսնող «Վան Տոսպ» հանդէսին մէջ հակայօդուած մը ստորագրած է «կոր»-ին թրքերէն ըլլալը պնդող փրոֆ. Կիւլեանի մը դէմ։
Մինչ ֆրանսահայ գրող Շաւարշ Նարդունի (1898-1968) յօդուածաշարով մը կը պաշտպանէ «կոր»-ին հայերէն ըլլալը, լեզուաբան եւ մանկավարժ Պետրոս Պետիրեան արեւմտահայերէնի մէջ «կոր»-ի գործածութիւնը կատարեալ հիւանդութիւն կը նկատէ։
Բարեբախտաբար մինչեւ օրս կը շարունակուի «կոր»-ի արմատին ուսումնասիրութիւնը։ 19-րդ դարու արեւմտահայ քերականները մերժած են «կոր»-ը, զայն թրքերէն սեպելով, 20-րդ դարուն ոմանք փաստած են, որ թրքերէն չէ։
«Կոր» մասնիկը խօսակցական արեւմտահայերէնի մէջ բնական եւ խոր արմատ նետած մասնիկ մըն է։ Թէեւ երկար ժամանակ գրական լեզուն մերժած է զայն եւ ոմանք սխալմամբ թրքական ծագում վերագրած են անոր, լեզուաբանական ուսումնասիրութիւնները կը հաստատեն, որ ան ամբողջովին հայերէն կառուցուածք մըն է՝ «կ» եւ «որ» միացումով։ Ան կը լրացնէ արեւմտահայերէնի ժամանակային համակարգին մէջ եղած բացերը եւ կը փոխանցէ շարունակականութեան նրբութիւն մը, որ առանց անոր դժուար կը դառնայ արտայայտել։ Այսպիսով, «կոր»-ը ոչ միայն «թոյլատրելի» է, այլեւ կենդանի, անհրաժեշտ եւ ինքնատիպ մասնիկ մը մեր լեզուին մէջ։
(Ծիծեռնակ Պատանեկան Եւ Երիտասարդական Հարթակ)


