Սիրելի Սագօ,
Շատ դժուար է համակերպուիլ սիրելիիդ մահուան լուրը իմանալով հեռաւոր Ամերիկայէն: Չէի կրնար հաւատալ այս ցնցիչ ու անդառնալի երեւոյթին, որ Ազդակի մեր փոքրիկներու Սագօ ամմոն այլեւս պիտի չպատասխանէ մեր հեռաձայնին:
Դժբախտաբար շատ կանուխ եւ անդարձ մեկնեցար, ձգելով ետիդ փաղանգ մը ծանօթ ընկերներու եւ մանաւանդ ազնիւ կողակիցիդ Արփիին: 90 ականներուն Ամերիկա չմեկնած, շաբաթավերջերուն սովորութիւն եղած էր մեզի միասին անցընելու երկու կիսկատար օրերը, կիրակի կէսօրին արդէն կը սկսէր պատրաստուիլ անպայման քիչ մը կանուխ հասնիլ քաղաք, առ ի պատրաստութիւն Ազդակի երկուշաբթի օրուան լոյս տեսնելուն: Այդ միջոցին չէիր զլանար շատ ուրախ եւ շէնշող ժամանակ անցընելու քեզի ծանօթ ընկերներու եւ մանաւանդ մեր զաւակներուն Սագօ ամմոն:
Հոս տեղին չէ անդրադառնալ գրական լրագրական արուեստին, որ խօսուն է իր զանազան երանգներով, մանաւանդ իր սրամիտ դարձուածքներով, դիպուկ ձեւով խօսքը հասանելի կ’ըլլար առ որ անկ է:
Որպէս խմբագիր եւ պատասխանատու տնօրէն աչքէն չէր վրիպեր իր սլաքներով եւ ակնարկներով, գաղութին մէջ տիրող կարգ մը յոռի երեւոյթներուն սուր ձեւով անդրադառնալ առանց նեղացնելու դիմացինը եւ հատուածականը: Իր Հեզ, խոնարհ եւ բարի նկարագրով Ազդակի շուրջ համախմբեց երիտասարդ տղաք ու աղջիկներ՝ մամուլի ապագայի աշխատակիցներ:
Մեր ընկերական նեղ շրջանակի մէջ Սագոն ծանօթ էր մեզի համար այնքան մը որ Ազդակ եւ Սագօ նոյնացած էին։ Իր միակ մտասեւեռումը, յաջորդ օրուայ թերթին լոյս տեսնելն էր անխոչընդոտ: Բայց միեւնոյն ատեն կը սպասէր շաբաթը մէկ օր հաւաքուինք (հինգշաբթի) օրերը Ազդակի մէկ ազատ աշխատանքի սենեակը, դուրսէն եկած ծանօթ ընկերներ, Նորութիւններ օրուայ մթնոլորտէն, եւ ինք իր սրամտութեամբ համ ու հոտ կուտար այդ հանդիպումներուն: Իր բացառիկ հիւմոր միջամտութիւններով, կէսօրին անշուշտ ճաշը սանտուիչ էր, Շաղզոյանի կից Աբոյին քովէն, տղաքը անշուշտ կ՚ըսէին կարգը իմս է եւ կը վիճէին, Սագոն չէր ուշանար ըսելու տղաք մի նեղուիք ես հոս եմ վաղն ալ միւս օրն ալ. Վճարեցէք Աբոյին երկու երեք օրուայ հաշիւները շատ գոհ կը մնամ. Խնդալով անշուշտ:
Շատ սիրելի Սագօօօօ, երկար ատեն պիտի մնաս մեր յիշողութեան մէջ. Քու զուարթախոհ ասոյթները անմոռանալի դրոշմ ձգած են մեր վրայ եւ այսպէս հարկ կը զգամ մաղթելու Արփիին. Եւ եղբօրը Յովիկին համբերութիւն:
Հալէպէն, Պէյրութէն մինչեւ. Ամերիկա…….
Ննջէ. Խաղաղութեամբ
Կիրակոս Խօշեան


