Հարցազրոյց «Հայկական Վերածնունդ» շարժման Ֆրանսայի ներկայացուցիչ Շանթ Ոսկերիչեանի հետ

Shant VosguerichianՓարիզի Նոր Ցաոաջի Հարցազրոյցը

«Հայկական Վերածնունդ» շարժման Ֆրանսայի ներկայացուցիչ Շանթ Ոսկերիչեանի հետ

Հարցում – Արդէն տարի մըն է որ ձեր գլխաւորութեամբ Փարիզի մէջ հիմնադրուեցաւ «Վերածնունդ» շարժումը։ Կարելի՞ էր ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացնել «Վերածնունդ»ի հիմնադրութիւնը, կազմակերպչական աշխատանքները, նպատակները։

Շանթ Ոսկերիչեան – «Հայկական Վերածնունդ»ի ծագումը կապուած էր Հայաստանի իրականութիւններու նկատմամբ այսպէս կոչուած դասական Սփիւռքի քնացած ըլլալու հանգամանքին։ Այսպէսով, տարի մը առաջ աշխարհի ամէն կողմէն հայրենասէր Հայեր, մտահոգուած՝ Հայաստանի այսօրուան կացութեամբ (արտագաղթ, կաշառակերութիւն, եւայլն) քով-քովի եկանք եւ որոշեցինք «Հայկական Վերածնունդ» անուան տակ շարժումներ ստեղծել, արթնցնելու համար Սփիւռքի արդէն հաստատուած կառոյցները։ Մենք ընկերական ցանցերով միացանք եւ տեսնելով որ Հայաստանի կուսակցութիւնները՝ համակիր կամ ընդդիմութիւն, բացարձակապէս չեն վայելեր ժողովուրդին վստահութիւնը եւ քանի որ արդէն տեղեակ էինք «Սարդարապատ»ի եւ ապա Նախախորհրդարանի գաղափարախօսութեան եւ կը բաժնէինք իրենց կեցուածքը, որոշեցինք օժանդակել իրենց եւ միանալ շարժումին։ Հոս անմիջապէս նշեմ, թէ մենք չենք սահմանափակուիր միայն իրենցմով եւ աջակից ենք եւ կը գործակցինք Հայաստանի քաղաքացիական այն բոլոր շարժումներուն հետ, որոնք համամիտ են Հայրենիքի հանդէպ մեր ունեցած տեսլականին։
Փարիզի մեր մասնաճիւղը, որ ունի շուրջ 30 անդամ եւ 150 համակիր, երկուերեք շաբաթը անգամ մը հանդիպումներ կ՚ունենայ։ Ցարդ ցոյցեր կազմակերպած ենք Հայաստանի դեսպանատան առջեւ, որոնցմէ վերջինը ընտրական կեղծիքներու հետեւանքով էր, քանի որ այլեւս կարելի չէր հանդուրժել կացութեան, երբ Հայաստանի ժողովուրդը ընտրած էր Րաֆֆի Յովհաննիսեանը։ Ըսեմ որ մենք Ուաշինկթընի մեր ընկերոջ Դաւիթ Գրիգորեանի միջոցաւ վստահելի տուեալներ ունէինք, որ Ր. Յովհաննիսեան նուազագոյնը անցած էր նախագահական ընտրութեան երկրորդ փուլին։ Մինչ այդ ես անձնապէս երկու անգամ դիմեցի Փարիզի CCAF-ի զոյգ համանախագահներուն, որոնք շատ քաղաքավար ձեւով ըսին որ շարժում ստեղծելը այս հանգրուանին նպատակայարմար չէ եւ պէտք է «սպասել եւ տեսնել»…։ Սակայն մենք արդէն 22 տարի սպասած էինք եւ ամէն մարդ գիտէ որ Հայաստանի բոլոր ընտրութիւնները կեղծուած եղած են։ Հոս կ՚ուզեմ նշել, որ ես դաշնակցական խմորումի տէր եղած եմ եւ հպարտ եմ ատով: Մաս կազմած եմ Նոր Սերունդին, համակրած եմ Դաշնակցութեան գաղափարներուն, աւելի քան 20 տարի եղած եմ Հ.Մ.Ը.Մ.-Ֆրանսի ֆութպոլի եւ պասքէթպոլի պատասխանատու, «Կամք» եւ «Ազատամարտ» թերթերու մարզական բաժնի թղթակից, թրքերէնէ հայերէն կամ ֆրանսերէն լեզուներու թարգմանիչ, մինչեւ 90ական թուականներու սկիզբը երբ հրապարակուեցաւ աւանդական երեք կուսակցութիւններու տխրահռչակ յայտարարութիւնը։ Այդ օրուընէ ի վեր ես այս բոլորէն հեռաւորութիւն պահած եմ։ Աւելին, երբ Քոչարեանի ժամանակ դաշնակցական ղեկավարները առանց դատ ու դատաստանի դուրս եկան բանտէն, այդուհետեւ իմ կարծիքով անոնք մեղսակից եղան քոչարեանական ընտրակեղծիքներուն եւ չկրցան արդարացնել Հայաստանի եւ Սփիւռքի ժողովուրդին յոյսերը։
Յամենայնդէպս, այն ինչ այսօր կ՚ընեն «Վերածնունդ» շարժումները պէտք էր շատոնց ընէին Դաշնակցութիւնը եւ միւս կուսակցութիւնները։ Ցաւօք սրտի, Հայաստան այլեւս կեցած է անդունդի եզրին, իր դիտումնաւոր կերպով վարած քաղաքականութեան հետեւանքով՝ մէկ ու կէս միլիոն հայ գաղթած է երկրէն։ Եթէ Ցեղասպանութեան ընթացքին թշնամին մեզմէ խլեց մէկ ու կէս միլիոն հոգի, այսօր մեր սեփական պատասխանատուներու կողմէ ցեղասպանութեան կ՚ենթարկուինք։

Հարցում – Վերջին խորհրդարանական ընտրութիւններուն երեք ընդդիմադիր կուսակցութիւնները հազիւ հինգ տոկոսը անցան։ Ձեր կարծիքով անոնք պէտք էր զիջէի՞ն իրենց աթոռները։

Շանթ Ոսկերիչեան – Ի հարկէ։ Աւելի՛ն, պէտք չէր, որ անոնք մասնակցէին ընտրութիւններուն եւ պէտք չէր մասնակից ըլլային իշխանութիւններու խաղին։

Հարցում – Յաճախ «Վերածնունդ»ը կը քննադատուի Հայաստանի դեսպանատան առջեւ կազմակերպած ցոյցերուն պատճառով։ Ինչպէս կը բացատրէք ձեր այդ քայլին դիմելը։

Շանթ Ոսկերիչեան – Այս հարցով դժուար էր որոշում կայացնելը եւ անշուշտ մեր մէջ կային տարակարծութիւններ, ոմանք կ՚առաջարկէին Մարդկային Իրաւանց հրապարակին առջեւ ցոյց կատարել, եւայլն, սակայն մենք որոշեցինք դեսպանատունը, քանի որ մեր խօսակիցը Հայաստանի այպանելի վարչակազմն է որ մեզ չի ներկայացներ։ Ըսեմ որ տարիներ շարունակ մեր երազած ազատ, անկախ (միացեալի մասին այսօր խօսող չկայ) Հայաստանը ասիկա չէ, մենք ժողովրդավարական կարգերով կառավարուող երկիր կ՚ուզենք, ոչ թէ շուրջ 40 աւատապետերու կողմէ ղեկա
վարուող Հայաստան։ Գիտէ՞ք, ցոյցերուն պատճառով ինծի հայհոյողները երբ Հայաստան կ՚երթան, պէտք է այցելեն շրջանները որպէսզի տեսնեն ժողովուրդին ողբերգութիւնը, քանի որ Հայաստանը միայն Հանրապետութեան հրապարակը եւ շրջակայ պողոտաները չէ։ Ես քանի մը օր առաջ վերադարձայ հոնկէ եւ ականատես եղայ ահաւոր պատկերներու։ Նշեմ, որ «Վերածը
նունդ»ի մեր ընկերներու միջոցաւ մենք ուղղակի օժանդակութիւն կը հասցնենք կարօտեալներուն եւ այդ ընթացքին է որ մօտէն կը ծանօթանանք ժողովուրդին ցաւերուն։

Հարցում – Նոյն տրամաբանութեամբ ուրեմն պէտք էր, որ «Վերածնունդ»ը Սթրազպուրկի մէջ նախագահին դէմ ալ ցոյց ընէր, բայց չըրաւ։

Շանթ Ոսկերիչեան – Որովհետեւ Եւրոպական խորհրդարանին առջեւ ցոյց ընելը այն տպաւորութիւնը պիտի ստեղծէր, որ մենք Մաքսային Միութեան միանալու համամիտ ենք եւ դէմ՝ Եւրոպական գործընկերութեան համաձայնագրին։ Մենք իրականութեան մէջ ո՛չ մէկուն եւ ո՛չ միւսին կողմ ենք, այլ անոր՝ որ Հայաստան նախ եւ առաջ ինք իր շահերը պէտք է պաշտպանէ։

Հարցում – Ներկայի պայմաններու մէջ ի՞նչ պէտք է ընէ Սփիւռքը։

Շանթ Ոսկերիչեան – Այնքան ատեն որ ներկայ վարչակազմը հայատեաց քաղաքականութիւն կը վարէ պէտք չէ վայելէ Սփիւռքի զօրակցութիւնը։ Այս մարդիկը ոճրագործ վարչակազմի մը ներկայացուցիչներն են եւ Սփիւռքը պէտք է ըմբռնէ, գիտակցի եւ պատասխանատւութիւն յանձն առնէ Հայաստանի ճակատագրին կապակցութեամբ։ Այլ խօսքով Սփիւռքի հայրենասէր շրջանակները իրենց համար առաջնակարգ հարցի պէտք է վերածեն մեր Հայրենիքի ներկայի վիճակը։

Հարցում – «Վերածնունդ»ի միւս թեւերը՝ Միացեալ Նահանգներ (Լոս Անճըլըս, Ուաշինկթըն), Գանատա (Թորոնթօ), Լիբանան (Պէյրութ), Գերմանիա, Ռուսաստան (Մոսկուա), Չեխիա (Փրակա) եւայլն, նոյնքան աշխոյժ գործունէութիւն ունի՞ն։

Շանթ Ոսկերիչեան – Այո՛, մենք միասին ժողովներ կը գումարենք որպէսզի ճշդենք մեր գործելակերպը եւ յետագայի ընելիքները։

Հարցում – Ի՞նչ կ՚ըսէիք Եւրոպական Խորհրդարանին մէջ Զարուհի Փոստանջեանի ելոյթին մասին։ Համաձա՞յն էք իր ըսածներուն։

Շանթ Ոսկերիչեան – Երեսփոխանուհիին հարցումին առաջին բաժինը —ուր կ՚ակնարկէր Սերժ Սարգսեանի ապօրինի ընտրութեան— լաւ էր, իսկ 70 միլիոնի վերաբերող մասը, իմ կարծիքով անտեղի էր, նկատի ունենալով որ ամէն ոք գիտէ որ նախագահը խաղամոլ է եւ այդ 70 միլիոնն ալ ուրկէ՛ ձեռք ձգած է։ Պէտք էր անոր ուղղել քաղաքականութեան վերաբերեալ հարցումներ, որոնք վստահաբար զինք նեղ կացութեան պիտի մատնէին։

Հարցում – Իր հիմնադրութենէն ի վեր «Վերածնունդ»ը ինչպիսի՞ ընդունելութիւն գտած է ֆրանսահայութեան կողմէ։

Շանթ Ոսկերիչեան – Նախ ըսեմ, որ դեսպանատան առջեւ ցոյցէն յետոյ դեսպանատունը մեր նկատմամբ շատ գէշ վերաբերում ունեցաւ եւ փորձեց իր բոլոր միջոցներով մեր կազմակերպած ձեռնարկները ձախողեցնել։ Մենք մեր հրապարակային ներկայացումներուն համար (դասախօսութիւն, վիճարկում, ֆիլմի ցուցադրութիւն, եւայլն) սրահ գտնելու դժուարութիւն ունեցանք, քանի որ տեղական համայնքի պատասխանատուները չկամեցան մեզի տրամադրել իրենց ունեցած սրահները, այդ պատճառով ալ երբեմն ստիպուած պանդոկներու մէջ կազմակերպեցինք մեր ելոյթները։ Միւս կողմէ տեղական կազմակերպութիւնները քիչ մըն ալ վերապահ կեցուածք ունին, այսինքն՝ հակառակ անոր որ կը հասկնան մեզ, չեն ուզեր դրսեւորել իրենց դիրքորոշումը։ Միա՛յն «Անաքօ» տափանաւն է, որ սիրայօժար կերպով կը տրամադէ իր սրահը եւ հոս առիթէն օգտուելով կ՚ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել տափանաւու պատասխանատուներուն։ Նաեւ երբ Հայաստանի մեր ներկայացուցիչ Տիգրան Խզմալեան հոս էր եւ Վիլէօրպան գացինք, տեղւոյն մշակոյթի տունն ալ սիրով տրամադրեց իր կեդրոնը, որու համար եւս շնորհակալ ենք։ Յուսամ որ Վիլէօրպանի օրինակին կը հետեւին նաեւ Վալանսը, Մարսիլիան, Կրընոպլը եւ այլ շրջաններ։ Ընդհանուր առմամբ տակաւին համայնքային կառոյցներ կան, որոնք իրենց դուռը լայն կը բանան մեր առջեւ։

Հարցում – Ինչպէս ըսիք, դուք համամիտ էք Նախախորհրդարանի քայլերուն։ Արդեօք Նախախորհրդարանը Հայաստանի տնտեսական զարգացման հեռանկար ունի՞, նկատի ունենալով այս ոլորտի ռազմավարական կարեւորութիւնը։

Շանթ Ոսկերիչեան – Նախախորհրդարանը կ՚ուսումնասիրէ տասը բնագաւառներ որոնք կը ներառնեն նաեւ տնտեսական բաժինը եւ արդէն հրատարակած է 180 էջնոց նախածրագիր մը, որ պիտի ներկայացուի մասնագէտներու՝ անոնց կարծիքն ալ ներգրաւելու համար վերջնական ծրագրին մէջ: Ատկէ ետք մենք կ՚ունենանք նո՛ր որակի պետութեան ստեղծման համար գծուած հարթակ մը։ Ինչ կը վերաբերի յատկապէս տնտեսական բաժնին, պէտք է ըսել որ Հայաստան տնտեսական զարգացում կ՚ապրի, սակայն ի շահ վերոնշեալ 40 աւատապետի, որոնք այսօր կ՚ուզեն սեփականաշնորհել նաե՛ւ հողին ընդերքը գտնուող հսկայական հարստութիւնը։ Յայտնեմ, որ «Վերածնունդ»ը կը գործակցի Հայաստանի բնապահներու հետ եւ վերջիններս այս ուղղութեամբ մեծ աշխատանք կը տանին։
Իբր եզրակացութիւն կ՚ուզեմ աւելցնել, որ «Վերածնունդ»ի առաքելութիւնը Սփիւռքը արթնցնելն է եւ միաժամանակ վարչախումբին ըսելը, թէ իրենք չեն ներկայացներ հայ ժողովուրդը։ Մենք միա՛յն Նախախորհրդարանը կը նկատենք իբրեւ արմատական փոփոխութիւններու կազմակերպիչ, միաժամանակ Սփիւռքի մէջ ոեւէ մէկուն չենք պարտադրեր աշխատելու Նախախորհրդարանին հետ, քանի որ իւրաքանչիւրը ի՛նք կրնայ տեսնել Հայաստանի քաղաքական ու քաղաքացիական շարժումները եւ ըստ իր հայեցակէտին կողմնորոշուիլ։

Source: Nor Haratch

Comments

comments