Հրայր Մարուխեան Ղեկավարը – ՅԱԿՈԲ ԵԱՓՈՒՃԵԱՆ

1994-ի յուլիսի չոր ու տաք առաւօտ մըն էր: Նիկոսիոյ միակ երկնաքերին` «Ղեմա Թաուըր»-ի իններորդ յարկը գտնուող գրասենեակիս պատուհանէն կը դիտէի դիմացս բացուող տեսարանը:Կապոյտ երկինքին վրայ ոչխարներու հօտի նմանող ճերմակ ամպեր արագ կ՛անցնէին: Կղզիին ամառնային խենթ հովը ոտքերուս տակ բացուող ցորենի ոսկեգոյն դաշտերու փոշին վեր կը բարձրացնէր, որ կղզիի բաժանման գիծէն սկսելով` ոլորապտոյտ կ՛երթար կորսուիլ Քիրենիոյ լեռնաշղթայի լանջերուն:

Գորշ, լերկ ու ժայռոտ լեռը, բարձրադիր թումբի նման, վրան հիւսիսային Կիպրոսի հանրապետութեան խորհրդանիշ` կարմիր ու ճերմակ կիսալուսին խոշոր դրօշակը ու թրքերէնով «Նէ մութլու թուրքիմ տիէնէ» մակագրութիւնը գծուած, կը կտրէր տեսողութեանս հորիզոնը: Թուրքին ձեռքը հոս ալ ինծի կ՛արգիլէր տեսնել հեռուն` Միջերկրականի կապոյտ ջուրերը, Կիլիկիոյ գեղեցիկ ծովափը, անդին` Տաւրոսեան կանաչ լեռները ու աւելի վեր` շքեղ Ատանան ու սիրուն Հաճընը, որոնք թուրքին եաթաղանին ենթարկուելէ ետք, իրենց հայ ազգաբնակչութենէն դատարկուած, ի՞նչ վիճակ կը պարզէին արդեօք այսօր եւ այս ի՜նչ մեծամիտ ու ազգայնամոլ լոզունգ` «Երանի թուրք եմ ըսողին»: Քաղաքակիրթ աշխարհը ինչպէ՞ս կ՛ընկալէ նման մտածողութեամբ ազգի մը եւրոպական միութիւն մուտքի պահանջը:

Այս մտածումներու մէջ էի, երբ յանկարծ հեռախօսիս զանգը հնչեց: Արան էր Աթէնքէն, որ Վուլիակմենիի ծովափին ընկ. Հրայրին ունեցած արկածին մասին կը տեղեկացնէր: Ձայնը լուրջ կշռոյթ մը ունէր, իր սովորական երգիծախառն ու կատակող շեշտէն տարբեր: Յայտնապէս ընկ. Հրայրի պատահարը շփոթ, անորոշութիւն եւ անձկութիւն յառաջացուած էին Արային մօտ, որ այդ ծանր պահուն իր դժուարութիւններն ու հոգեկան խռովքը թեթեւցնելու համար իր առօրեային ծանօթ մօտիկ ընկերոջ մը բացուելու եւ խօսելու կարիքը կը զգար:

Երբ հեռաձայնի ընկալուչը տեղը դրի, խառն մտածումներ խճողեցին ուղեղս: Որքանո՞վ հաւանական է, որ ընկ. Հրայրին նման լաւ լողորդ մը սայթաքի եւ խեղդուելու ենթակայ ըլլայ, ինչպէս կը բացատրէր Արան, ան ալ` Վուլիակմենիի աւազոտ ծովափը, ուր ջուրը շատ ծանծաղ է, եւ ուր ամրան շաբաթավերջերուն ընկ. Հրայրը սովոր էր Աթէնք գտնուող կուսակցական ընկերներով լողալու երթալու: Որքա՞ն հաւանական է, որ պատահածը լողալու պահուն ուղեղային տագնապի հետեւանք ըլլայ: Իր պատասխանատուութեան ու հանգամանքին գիտակից պահուածք եւ բարեկարգ կենցաղ ունէր ընկ. Հրայրը: Ամէն օր մարզանք կ՛ընէր, չէր ծխեր ու կը խմէր առիթներով, ընկերանալու համար միայն: Չէ՞ր կրնար ըլլալ, որ պատահածը որոշ սպասարկութիւններու կողմէ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի վարչակարգը իշխանութեան գլուխ պահելու հեռանկարով գործադրուած նենգ դաւադրութեան մը հետեւանք ըլլար, որ կը հանդիսանար Հայաստանի առաջին նախագահին կողմէ Դաշնակցութեան եւ յատկապէս ընկ. Հրայրին դէմ շղթայազերծուած պայքարին վերջին օղակը: Անակնկալ այս պատահարին իբրեւ հետեւանք` ազգային կուսակցական աշխատանքներուն գլխաւոր մղիչ ուժը հանդիսացող մարդու բացակայութեան, ի տես մանաւանդ մեր ժողովուրդի առջեւ ծառացող կարեւոր մարտահրաւէրներուն, ո՞վ կրնար ըլլալ զինք փոխարինողը: Անոր բացակայութիւնը կազմակերպական դժուարութիւններ պիտի ստեղծէ՞ր արդեօք: Յաջորդ սերունդի շարքերուն մէջ ընկ. Հրայրին կարողութիւններն ու յատկանիշները ունեցող ո՞վ կար, որ ստանձնէր անոր պատասխանատուութիւնները եւ Դաշնակցութեան ղեկավարութեան մէջ հեզասահ սերնդափոխութիւն տեղի ունենար:

Մտածումներս ցրուելու համար գացի պաշտօնակիցիս` հաւատաւոր եւ պարտաճանաչ դաշնակցական Սեդրակ Պալեանին գրասենեակը` պատմելու պատահածը: Սեդրակը շատ ցաւ զգաց, ինչպէս պիտի զգար իւրաքանչիւր դաշնակցական, երբ ստանար նման լուր մը:

Իբրեւ Զաւարեան ուսանողական միութեան անդամ` պատեհութիւնը ունեցած էի քանի մը առիթներով լսել ընկ. Հրայրին դասախօսութիւնները, սակայն առիթը չէի ունեցած մօտէն ծանօթանալու անոր, մինչեւ որ 1977-ին ՀՅԴ 21-րդ ընդհանուր ժողովին կողմէ ընտրուած Բիւրոն ինծի կը վստահէր իր ելեւմտական գործառնութիւններուն վերահսկողութիւնը: Պարտականութիւնս ստանձնելու համար պարտէի հանդիպիլ նորընտիր Բիւրոյի գանձապահ ընկ. Վաչիկ Ղարաբէգեանին, որ կը մնար արեւմտեան Պէյրութ` Պրիսթոլ պանդոկը: Որոշեալ ժամուն գացի ընկեոջ մօտ, ուր քիչ ետք մեզի միացաւ ընկ. Հրայրը: Այդ օր առաջին անգամն էր, որ մօտէն պիտի ծանօթանայի անոր հետ, որմէ ետք մինչեւ իր ունեցած պատահարը, շուրջ 18 տարիներ, միասին պիտի գործէինք, որովհետեւ ընկ. Վաչիկին Թեհրան բնակելուն պատճառով ընկ. Հրայրն էր, որ կը վարէր Բիւրոյի նիւթական գործառնութիւնները: Թաւալող տարիներուն հետ ընկեր Հրայրին ու իմ միջեւ սերտ յարաբերութիւն մը զարգացաւ` հիմնուած իմ կողմէ գերազանցապէս աշխատասէր ու նուիրեալ կուսակցական ղեկավարի մը նկատմամբ տածած յարգանքի, իսկ իր կողմէ` երիտասարդ ընկերոջ մը նկատմամբ ունեցած վստահութեան:

Իր մասնագիտութեան բերումով, իբրեւ ելեկտրագէտ-ճարտարագէտ, ընկ. Հրայր ունէր գիտական միտք, պատմաքաղաքական հետաքրքրութիւններ, գաղափարաբանական խոր համոզումներ, կազմակերպուած եւ բծախնդիր աշխատելաոճ, յարաբերական խառնուածք եւ բարեկիրթ վերաբերմունք: Տուեալներ, որոնք դաշնակցական ղեկավարին կու տային նոր երեւոյթ մը` զայն դուրս բերելով հրապարակագրի, ուսուցիչի, զինուորականի կամ բժիշկի դասական տիպարէն, անոր տալով ցարդ արեւմտեան ընկերութեան յատուկ վարչագէտի յատկանիշը:

Ընկ. Հրայրը կը պատկանէր դաշնակցական այն սերունդին, որ թրծուեցաւ Դրոներու, Ռուբէններու, Վրացեաններու եւ նմաններուն անմիջական շունչին տակ: Ընկ. Հրայրի պարագային պէտք է յատկապէս նշել իր հայրը` ընկ. Թորգոմը, Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան շրջանին գործած ու անկախութեան սերունդին հետ տարագիր դարձած հաւատաւոր դաշնակցականը, որ մեծ ազդեցութիւն գործած էր անոր ազգային, գաղափարական, բարոյական աւանդապահ դաշնակցականի դաստիարակութեան վրայ, եւ որուն նկատմամբ մեծ յարգանք կը տածէր ընկ. Հրայրը:

Երբ ընկ. Թորգոմը մահացաւ, արեւմտեան Պէյրութը կ՛ապրէր Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ծանր օրերէն մէկը: Ընկ. Հրայրը պարտականութեամբ քաղաքէն դուրս էր եւ չկրցաւ հօր յուղարկաւորութեան ներկայ ըլլալ: Քրիստափոր կոմիտէութեան տղաքը ռումբերու տակ առժամաբար ընկ. Թորգոմին մարմինը ամփոփեցին արեւմտեան Պէյրութ Մաքհուլ փողոցի վրայ գտնուող յոյն ուղղափառներու գերեզմանատունը: Այս պարագան ծանր ազդած էր ընկ. Հրայրին վրայ եւ յաճախ ցաւով կը յիշէր զայն, մինչեւ որ յարմար առիթով մը քրոջը` Ալիսին հետ Պէյրութ եկաւ եւ եկեղեցական արարողակարգով ընկ. Թորգոմին մարմինը փոխադրել տուաւ հայոց գերեզմանատուն:

Ամուսնացած ըլլալով գիտակից, հիւրասէր, հանդարտաբարոյ, հայ մօր մը կերպարը մարմնաւորող տիկին Անահիտին հետ եւ ունենալով չորս զաւակներ, երկու մանչ եւ երկու աղջիկ, ան կազմած էր աւանդապահ հայ ընտանիք մը, ուր գերակայ էին մարդկային արժէքներն ու ազգային մտահոգութիւնները: Ընկ. Հրայր սովորութիւն չունէր առանձին ընկերներու հետ դուրս ելլելու: Այցելուները անպայման կը հիւրընկալուէին իր տան մէջ, տիկին Անահիտի պատրաստած հայկական կերակուրներու սեղանին շուրջ, ուր ամբողջ ընտանիքն ու ընկերները կը բոլորուէին: Նոյնպէս` ժամանցի պահերը ընկեր Հրայրը կը սիրէր անցընել ընտանիքով ու կուսակցական ընկերներու հետ միասին, ծովափը: Շատ կը սիրէր նարտի խաղալ:

Այս հաւաքոյթներուն մասնակից ընկերները նկատած ըլլալու են, որ տիկին Անահիտն ու ընկ. Հրայրը որքան սէր, գուրգուրանք եւ յարգանք կը տածէին իրարու նկատմամբ: Անոնք ոչ միայն կեանքի ընկերներ էին, այլեւ` գաղափարակից ընկերներ, «կուսակցական» ընկերներ, ուր տիկին Անահիտի հեզահամբոյր հասկացողութիւնը քաջալեր կը հանդիսանար ընկեր Հրայրի կուսակցական գործի նուիրումին:

Ընկ. Հրայրի յարկին տակ ծաւալած խօսակցութիւններուն ընդմէջէն ի յայտ կու գար անոր զաւակներուն կրթութեամբ ու դաստիարակութեամբ մօտէն հետեւող հօր տիպարը: Կը յիշեմ իր գրասենեակին մէջ հանդիպում մը համալսարանի դասախօս մեր ընկերներէն Հրաչ Պետոյեանին հետ, որմէ կը խնդրէր օգտակար ըլլալ մեծ տղուն` Դերենիկի դասերուն, որ քաղաքական գիտութիւններ կ՛ուսանէր Պէյրութի ամերիկեան համալսարանին մէջ:

Մինչեւ 60-ականներու սկիզբը սփիւռքը ներքաշուած էր նեղ ազգային հակամարտութիւններու մէջ, որոնք աւելի կը ծառայէին մեծապետական շահերուն, քան` հայ ժողովուրդի քաղաքական իտէալներու իրականացման: Գաղութներուն ազգային կեանքը կը թաւալէր խորհրդայնամէտ եւ հակախորհրդային ամուլ մտածողութեան շուրջ: Հայութիւնը, որպէս քաղաքական ուժ, միջազգային բեմին վրայ ներկայ չէր: Այդ տարիներուն աշխարհը կը թեւակոխէր զարգացման նոր փուլ: Համաշխարհայնացումով յառաջացած ազատականութիւնը ազգային գաղափարախօսութիւնները նահանջի կը մատնէր:

ՀՅԴ 18-րդ Ընդհանուր ժողովին Բիւրոյի անդամ ընտրուելով` ընկ. Հրայրն ու իր սերնդակիցները կը միտէին սփիւռքահայութիւնը հեռու պահել աշխարհաքաղաքական ազատականութենէն, ինչպէս նաեւ` տեղայնական նեղ հայրենասիրութենէն: Անոնց հեռանկարն էր հայ ժողովուրդին առջեւ բանալ քաղաքական գործունէութեան նոր դաշտ: Հայութիւնը միջազգային ուժերու հետեւողի վիճակէն դարձնել քաղաքական գործօն: Հայ դատի պայքարը իր քաղաքական դրսեւորումներով կը դառնար ազգային գաղափարախօսութեան հիմնաքարը հայ զանգուածներուն համար, սփիւռքի մէջ թէ Հայաստան, ցոյց տալով նոր հեռանկարներ:

Ցեղասպանութեան յիսնամեակի նշումը գործնապաշտ ազգայնականութեան լաւագոյն դրսեւորումն էր, որ հայ ժողովուրդին ու յատկապէս Դաշնակցութեան համար պիտի ըլլար ինքնակազմակերպումի եւ քաղաքական մարտունակութեան սկիզբը:

Վերոնշեալ ռազմավարական հայեացքներու գործնականացման համար ՀՅԴ 20-րդ Ընդհանուր ժողովը, ուր գերակշիռ էր Հրայր Մարուխեանի եւ Սարգիս Զէյթլեանի մտածողութիւնը, առաջին առթիւ կ՛որդեգրէր Դաշնակցութեան հետագայ տարիներու գործունէութիւնը պայմանաւորող քաղաքական ուղեգիծը եւ շարքերու երիտասարդականացման ու վերաշխուժացման համար կու տար կազմակերպական բնոյթի շարք մը որոշումներ:

Առաջին առթիւ ներազգային լարուածութիւնները մեղմացնելու միտումով ՀՅ Դաշնակցութիւնը 1972-ի Լիբանանի խորհրդարանական ընտրութիւններուն կ՛առաջադրէր լիբանանահայ լայն զանգուածին ազգային հաւաքական ձգտումներուն գոհացում տուող, ազգային կեանքէն ներս դերակատար եղած ու ժողովուրդին յարգանքը վայելող ազգայիններէ բաղկացած թեկնածուներու ցանկ մը, որ կ՛ունենար դրական արձագանգ, ինչ որ ճամբայ կը հարթէր Հայ դատի հետապնդման գործին առջեւ` անոր տալով համազգային բնոյթ, միեւնոյն ատեն դիւրացնելով պահանջատիրական պայքարը ցուցական հարթակ փոխադրելու, ապրիլ 24-ի սգահանդէսները վերածելով քաղաքական հաւաքներու, քայլարշաւներու, բողոքի ցոյցերու, օտար հանրային կարծիքը ի նպաստ Հայ դատին կողմնորոշելու նպատակով:

Մեծ եղաւ ընկ. Հրայրին դերը երիտասարդութիւնը Հայ դատի ցուցական աշխատանքներուն մէջ ներգրաւելուն մէջ: 1973 ապրիլ 24-ի նախօրեակին էինք: Զաւարեան ուսանողական միութիւնը որոշած էր որմազդներու միջոցով Լիբանանի հասարակութեան ուշադրութեան յանձնել Հայոց ցեղասպանութեան անժամանցելիութիւնը: Լիբանանի ներքաղաքական վիճակը պաղեստինեան հարցի պատճառով անհանդարտ էր: Կեդրոնական կոմիտէն խոհեմութիւն կը նկատէր ձեռնարկը յետաձգել: Կ.Կ.-ի եւ Զաւարեանի վարչութեան խառն նիստին, որուն իբրեւ Բիւրոյի ներկայացուցիչ ներկայ էր նաեւ ընկ. Հրայրը, կողմերը իրենց տեսակէտներուն վրայ անդրդուելի կը մնային, զաւարեանականները անպայման որմազդներ փակցնելու, իսկ Կ.Կ.-ը դէմ` կանխատեսելով հաւանական դէպքեր ապահովական ուժերուն հետ, քաղաքական այդ անկայուն օրերուն: Կողմերու տեսակէտները ունկնդրելէ ետք ընկ. Հրայր խօսքը Կ.Կ.ի ընկերներուն ուղղելով` ըսաւ. «Եթէ տղաքը յանձն առած են քանի մը օր ոստիկանատունը անցընել, ինչո՞ւ արգելք կը հանդիսանաք, կ՛ենթադրեմ, որ անոնք իրենց պատասխանատուութիւններուն եւ պարտաւորութիւններուն գիտակից են, երբ նման քայլի կը դիմեն»: Հարցը լուծուած էր եւ նոյն գիշերն իսկ տղաքը աշխատանքի լծուած էին` որմազդները փակցնելու:

Ընկ. Հրայրի գործի մարդ ըլլալու առանձնայատկութիւնը, ճշդապահ պաշտօնեայի նման որոշեալ ժամուն իր Աթէնքի գրասենեակէն, շրջաններուն հետ, ամէնօրեայ կապ հաստատելու, տեղեկանալու, տեղեկացնելու, ցուցմունքներ կատարելու, մղում տալու եւ աշխատանք պահանջելու արժանիքը իբրեւ ղեկավարի` տիրական եղաւ Դաշնակցութեան կազմակերպական շրջաններու աշխուժացման մէջ:

Միջազգային ընտանիքին կողմէ Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ Հայ դատի պահանջատիրութեան պայքարը ամբողջութեամբ ծանրացած էր ընկ. Հրայրի ուսերուն: Ան կը հաւատար, որ ընկերվարութիւնը Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան անբաժանելի մասն է եւ ժողովուրդներու ազգային ազատագրական պայքարը ընկերվարական կարգերու հաստատմամբ կը հիմնաւորէր: Այդ տրամաբանութեամբ ալ կապեր հաստատեց եւրոպական ընկերվարական կուսակցութիւններուն հետ եւ հետապնդեց ՀՅ Դաշնակցութեան Ընկերվար Միջազգայնականի վերանդամակցութիւնը:

Ընկ. Հրայրի գաղափարական համոզումները, մարտունակ ոգին, խոհուն, հեռատես եւ ճկուն քաղաքական գործիչի յատկութիւնները կը դրսեւորուէին իր յարաբերութիւններու ընթացքին, որ զինք կը զատորոշէր պարզ քաղաքագէտներէն: Ան կը հաւատար, որ հայ ժողովուրդի ազգային իտէալներու իրականացման ճամբուն վրայ պէտք է կարողականութիւն ունեցող բոլոր ուժերը, կազմակերպութիւններ թէ անհատ ազգայիններ համախմբել եւ շինարար աշխատանքի լծել քաղաքական կեանքէն ներս նուաճումներ արձանագրելու համար: Այս տրամադրութենէն մեկնելով` Ֆրանսայի եւ Յունաստանի ընկերներուն միջոցով, յատկապէս` Ժիւլ Մարտիրոսեանի, Հանրի Փափազեանի, Վարուժան Գնունիի եւ այլոց ջանքերով կապեր հաստատեց եւ հանդիպումներ ունեցաւ այդ օրերու Եւրոպայի քաղաքական գործիչներու, Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ռոլան Տումայի, Յունաստանի վարչապետ Անտրէաս Փափանտրէուի, Ընկերվար Միջազգայնականի ընդհանուր քարտուղար Լուիզ Այալայի հետ: Այդ շփումները շարունակուեցան` հասնելով մինչեւ այդ օրերու Աւստրիոյ վարչապետ, ընկերվար- դեմոկրատ Պրունօ Քրայսքիին, Իտալիոյ վարչապետ ընկերվար Պեթինօ Քրաքսիին եւ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Միթերանին` ճամբայ հարթելով 1987-ին Եւրոպական խորհրդարանի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման:

Միջին Արեւելքի երկիրները, որոնք Ցեղասպանութենէն ետք ընդունած էին տարագիր հայ զանգուածները, ընդհանրապէս դրական մօտեցում ունէին Հայկական հարցին նկատմամբ, նոյնիսկ եթէ պաշտօնապէս չէին ճանչնար Ցեղասպանութիւնը: Բացառութիւն կը կազմէր Սէուտական Արաբիան, որ միշտ թրքամէտ կողմնորոշում ունէր: Հարկ էր սէուտական պետական շրջանակներուն հետ կապեր ստեղծել եւ անոնց բացատրել Հայկական հարցին քաղաքական եւ ոչ կրօնական բնոյթը:

Ընկ. Հրայրին հետ հերթական հանդիպումներէս մէկուն, երբ Համրա փողոցի վրայ գտնուող իր գրասենեակը մտայ, զարմանքս մեծ եղաւ հանդիպելով Լիբանանի խորհրդարանի նախկին երեսփոխան, գործարար Անտրէ Թապուրեանին, որ իր առեւտրական գործառնութիւններուն բերումով լայն կապեր ունէր սէուտցի իշխաններուն հետ: Անտրէ Թապուրեան կարողացաւ սէուտական շրջանակներուն եւ ընկ. Հրայրին միջեւ հանդիպումներու հաստատման սատարել եւ հետագային նիւթական եւ յարաբերական կարեւոր ներդրում ունենալ Հայ դատի աշխատանքներուն ծաւալման գծով:

Ասպարէզի բերումով ընկ. Հրայր ծանօթ էր հաշուապահական եւ ելեւմտական կարգ ու կանոնին: Բիւրոյի նիւթական գործառնութիւններուն ու իր գործուղումներուն ծախսերը իր գեղեցիկ գիրով մանրամասնօրէն ու համապատասխան հաշուեցոյցերու ընկերակցութեամբ կը տեղեկագրէր հաշուապահութեան եւ Բիւրոյի ընկերներէն կ՛ակնկալէր, որ նոյն բծախնդրութիւնը ունենան:

Գործարար ըլլալով հանդերձ, ընկ. Հրայրին մէջ տիրապետողը մտաւորական մարդու կերպարն էր: Կը սիրէր ու կը գնահատէր արուեստներն ու գրականութիւնը: Իր գրասենեակին պատերը զարդարուած էին իւղանկարներով: Մէկ անկիւնը, փոքր սեղանի մը վրայ` Զաւէն Խըտըշեանի Պիքֆայայի Նահատակաց յուշարձանին ոսկեգոյն մանրաքանդակը: Գրասեղանի կողքին գտնուող գրադարանին մէջ, աշխատանքի թղթապանակներուն քով Ռուբէնի յուշերը եւ հայերէն ու այլ լեզուներով գրական ու պատմական արժէք ներկայացնող գրքեր կ՛ամբողջացնէին պատկերը:

Ընկեր Հրայր մեծ ընթերցող մըն էր: Պատմաքաղաքական եւ ընկերային հարցեր շօշափող գործեր անպակաս էին իր գրասեղանէն: Եւրոպա ճամբորդող ընկերներուն անպայման օրինակ մը կը պատուիրէր նոր լոյս տեսած գիրքէ մը, որուն մասին տեղեկացած կ՛ըլլար միջազգային մամուլէն: Իսկ երբ Եւրոպա գտնուէր, ազատ ժամերը կ՛անցընէր գրախանութներ այցելելով: Մասնաւոր յարգանք ունէր դէպի սփիւռքահայ մտաւորականութիւնը, մօտէն կը յարաբերէր Պօղոս Սնապեանին ու Վահէ Օշականին հետ: «Բագին»-ը ՀՅԴ Բիւրոյի հրատարակութիւն ըլլալով` իր յատուկ գուրգուրանքին առարկան էր: Կը գնահատէր Պօղոս Սնապեանին հրապարակագրական աշխատանքը: Մնայուն կերպով խմբագրատուն կ՛այցելէր` տեղեկանալու հայ մտաւորականութեան եւ յատկապէս Հայաստանի գրողներուն ազգային հարցերու գծով դրսեւորած կեցուածքներուն: Կը հաւատար մտաւորականութեան ուժին ու անոր ժողովուրդներու ընկերաքաղաքական մտածողութեան զարգացման գծով բերելիք նպաստին: Նոյն տրամաբանութեամբ ալ կը մտածէր, որ մտաւորականը պէտք չէ գաղափարաբանական եւ կազմակերպական կաշկանդումներով սահմանափակել, որ` մտաւորականը պէտք է ունենայ մտածելու եւ արտայայտուելու ազատութիւն, որպէսզի կարենայ ստեղծագործել:

1992-ին Փարիզի «Յառաջ»-ին մէջ բաց նամակ մը լոյս տեսաւ սփիւռքահայ շարք մը մտաւորականներու ստորագրութեամբ, որոնց կարգին` Վահէ Օշականը: Նամակը Համազգային մշակութային միութիւնը կը դատապարտէր բանաստեղծ Աբրահամ Ալիքեանի պահանջներուն վերապահ կեցուածք ունենալուն համար: Նամակը ստորագրողները յայտնապէս անտեղեակ էին հարցի մանրամասնութիւններուն եւ այդ նամակով սփիւռքահայ մշակութային կեանքը կը պղտորէին: Աթէնք այցելութիւններէս մէկուն, երբ այդ մասին ընկեր Հրայրին խօսեցայ` դատապարտելով Վահէ Օշականին ընթացքը, ընկ. Հրայր ըսաւ. «Վահէին նման մտաւորական մը պէտք չէ կուսակցութեան կազմակերպական կանոններով դատել, պէտք է ձգել, որ իր մտածումները արտայայտէ»:

Ընկ. Հրայր կը քաջալերէր երիտասարդ գրողները ու սատար կը հանդիսանար հրատարակչական գործին: Այդ էր պատճառը, որ նախաձեռնեց «Դաշնակցութեան մատենաշար»-ի շարքին` սկսելով Դաշնակցութեան հիմնադիր եւ առաջին սերունդին պատկանող դէմքերու կեանքն ու գործը ներկայացնող հատորներու հրատարակութենէն, մինչեւ Աթէնք լոյս տեսնող «Յեղափոխական գրադարան»-ի կազմակերպական եւ գաղափարաբանական խորքով մատենաշարի հրատարակութիւնը:

Ընկ. Հրայր յատուկ յարգանք ունէր Բիւրոյի իր գործընկերներուն եւ ընդհանրապէս իրեն գործակից ընկերներուն նկատմամբ` գնահատելով անոնց կարողութիւններն ու նկարագրային յատկանիշները: Կը հիանար ընկ. Զէյթլեանի քաղաքական հոտառութեան, կը գնահատէր ընկ. Հրաչի ողջամտութիւնը, ընկ. Փամպուքեանին պատմագիտական ծանօթութիւնները, ընկ. Մոնոֆարեանի հայերէնագիտութիւնը, Սագոյին մէջ կը տեսնէր ապագայ ընկ. Զէյթլեանը (բառերը ընկեր Հրայրինն են): Մեծ յարգանք ունէր ընկեր Աբոյի եւ ընկ. Ազնաւորեանի օրինապահութեան ու խիզախութեան նկատմամբ: Մնայուն եւ ուղղակի յարաբերութիւններ կը մշակէր աշխատանքի վրայ եղող բոլոր ընկերներուն հետ, կը լսէր անոնց ունեցած մտահոգութիւնները` կազմակերպական կեանքի նկատմամբ, լուծումներ կ՛առաջարկէր ու կը քաջալերէր իրենց պարտականութեան մէջ:

Ընկ. Աբոյի եւ ընկ. Զէյթլեանի առեւանգումները, Սագոյին կանխահաս մահը ու ընկեր Ազնաւորեանի սպանութիւնը շատ ծանր ազդած էին ընկ. Հրայրին վրայ: Կը զգար անոնց բացակայութիւնը մեր կազմակերպական կեանքին մէջ եւ ամէն առիթով կը յիշէր զանոնք, մանաւանդ` ընկ. Զէյթլեանը: Առիթով մը անոր մասին անդրադառնալով` ինծի ըսաւ. «Սարգիսը իր տեղափոխութիւններու ընթացքին զգուշ չեղաւ, յաճախ իրեն կ՛ըսէի, որ առանձին տունէն ակումբ չգայ, որ` ընկերակիցը վարիչի տեղ չգործածէ, որ` բոլորս ալ թիրախ ենք, մտիկ չըրաւ»:

Սագոն, Վաչէն, Բենոն եւ ես միշտ մօտ եղած էինք ընկ. Զէյթլեանին: Առիթով մը Կ.Կ.ի ժողովներէն մէկուն, երբ Պուրճ Համուտի անվտանգութիւնը ապահովելու համար ժողովրդային հանգանակութիւն կատարելու հարցը կը քննէինք ընկ. Զէյթլեանի հետ, որ Կ.Կ.ի մօտ Բիւրոյի ներկայացուցիչն էր, հանգանակութեան ձեւին մէջ տարակարծիք եղանք, որուն իբրեւ հետեւանք` պաղութիւն մը ստեղծուեցաւ մեր եւ ընկ. Զէյթլեանին միջեւ: Երեւոյթը ընկ. Հրայրին կողմէ աննկատ չէր անցած, մեզմէ պահանջեց, որ առիթը ստեղծէինք ընկ. Զէյթլեանին տունը այցելելու եւ բացատրուելու, ինչ որ կատարեցինք:

Ընկ. Հրայր ոչ միայն յարգալից էր ընկերներու նկատմամբ, այլեւ կարեկից` անոնց ցաւերուն, հօր մը նման ջանալով օգտակար հանդիսանալ անոնց կամ անոնց ընտանեկան պարագաներուն` դիմագրաւելու կեանքի դժուարութիւնները:

Այսպէս, ընկ. Աբոյի առեւանգումէն ետք միջոցն ու պատեհութիւնը ստեղծեց, որպէսզի տղան` Սերժը, Իտալիա մեկնի եւ պայուսակի ձեւագիտութեան մէջ մասնագիտանայ` կարենալ շարունակելու հօր գործը եւ ապահովելու ընտանիքի ապրուստը: Սագոյի մահէն ետք ընկեր Հրայր պարտատէրերու մօտ անձնապէս հետապնդեց գանձելի գումարները, հաշուեփակ կատարել տուաւ եւ գոյացած գումարով յարմարաւէտ յարկաբաժին մը գնել տուաւ, ապահով շրջանի մը մէջ, որպէսզի կինը` Զուարթը եւ զաւակները արժանավայել կեանք մը ունենան:

Սփիւռքահայութեան քաղաքականացումը եւ կազմակերպական վերանորոգումը ապահովելու համար պէտք էր գաղթօճախները դուրս բերել իրենց կղզիացած վիճակէն ու իբրեւ քաղաքական կազմակերպ ուժ` ընդհանուր յայտարարի բերել:

Սփիւռքի ազգային, միութենական թէ ներկուսակցական-կազմակերպական կեանքը պէտք էր արդիական ու նոր մօտեցումով ղեկավարել եւ կեանքի նոր պայմաններուն հետ քայլ պահող կառոյցներ յառաջացնել ու համապատասխան մասնագիտացած մարդուժ պատրաստել: Այս իմաստով Բիւրոյի անդամները եւ յատկապէս ընկեր Հրայրը իրենց մնայուն գործուղումներուն միջոցով կարողացան գաղութներու միջեւ կապերը ամրապնդել եւ անոնց մօտ համազգային գաղափարական կեդրոնացում յառաջացնել, որուն հետեւեցաւ կարգ մը կառոյցներու արդիականացումը եւ ոմանց համագաղութային կառոյցով օժտելու մտածումը:

Համագաղութային այդ կառոյցներուն առաջին օղակը հանդիսացաւ մինչ այդ յատկապէս Միջին Արեւելքի գաղութներուն մէջ գործող պատանեկան միութիւնները համախմբել երիտասարդական միութիւններու մէջ, զանոնք դարձնել երկսեռ եւ ինքնավար` դուրս բերելով կոմիտէներու թաղային մտածողութեամբ գործելու եղանակէն, իսկ Բիւրոյի կողքին յառաջացնել երիտասարդական գրասենեակ` անոր վստահելով նոր կառոյցի գաղափարական դաստիարակութեան եւ կազմակերպական կեանքի համադրումը:

Երիտասարդական միութիւններու միջգաղութային համագումարներ, սեմինարներ եւ բանակումներ սփիւռքահայ երիտասարդութիւնը ընդելուզեցին Հայ դատի հետապնդման երկարատեւ պայքարին հետ: Գաղափարական ու կազմակերպական դաստիարակութեան առընթեր, ընկ. Հրայր յատուկ կարեւորութիւն տուաւ երիտասարդութեան հոգեկան եւ ֆիզիքական պատրաստութեան` խրախուսելով մարտարուեստի դպրոցներու հաստատումը գաղութներէն ներս:

Երիտասարդական շարքերու վերաշխուժացման յաջորդեց կուսակցութեան կազմակերպական շրջաններու ղեկավար տարրին երիտասարդականացումը: Յատկապէս ընկ. Հրայրի եւ ընկ. Սարգիս Զէյթլեանի անմիջական ջանքերով կոմիտէներու եւ կեդրոնական կոմիտէներու կազմերը համալրուեցան ուսանողական եւ երիտասարդական միութիւններէն շարքերը փոխանցուած տղոցմով, 22-րդ Ընդհանուր ժողովին յանգելով Բիւրոյի կազմի երիտասարդականացման:

Կուսակցական կառոյցներուն յաջորդեցին ուղեկից միութիւններու վերակազմակերպումը, որուն մէջ առաջնորդող եւ հիմնական դեր ունեցաւ ընկ. Հրայր:

ՀՄԸՄ-ը իր սկաուտական խիտ շարքերով եւ մարզական խումբերով կը հանդիսանար ՀՅ դաշնակցութեան գաղափարաբանական ուղեգիծը բաժնող ու սփիւռքահայ լայն զանգուածները շարժման մէջ դնող միութիւնը, որ կը գործէր յատկապէս Լիբանանի, Սուրիոյ եւ Յորդանանի մէջ, Միջին Արեւելքի Շրջանային վարչութեան հովանիին տակ: Վաթսունական թուականներէն ետք ՀՄԸՄ-ի բազմաթիւ մասնաճիւղեր սկսած էին անջատաբար գործել սփիւռքեան բոլոր գաղութներէն ներս, եւ յատկապէս` Միացեալ Նահանգներ, հարկ էր զանոնք համախմբել միակ կառոյցի մը` այս անգամ կեդրոնական վարչութեան մը հովանիին տակ: Այս կառոյցի յառաջացման աշխատանքը Բիւրոն վստահեցաւ եռանդամ յանձնախումբի մը` գլխաւորութեամբ ընկ. Վարդգէս Տէր Կարապետեանի:

ՀՄԸՄ-ին յաջորդեց գաղութներու մէջ Ցեղասպանութենէն ետք ստեղծուած տարբեր անուններու տակ եւ անջատաբար գործող բարեսիրական միութիւնները համախմբել ՀՕՄ-ի կառոյցին մէջ: Հոս եւս կարեւոր դեր ունեցաւ ընկ. Հրայրը:

Ընկ. Հրայրի ազգային կեանքը ժողովրդավար կարգերով ղեկավարելու համոզումն էր, որ ՀՅԴ  24-րդ Ընդհանուր ժողովը մղեց որդեգրել Համազգային մշակութային եւ կրթական միութիւնը ընտրովի կեդրոնական վարչութեամբ օժտելու որոշումը:

 

Հասարակական ու քաղաքական գործիչ ըլլալով հանդերձ, դաշնակցական ղեկավարը իր մտաւորական խառնուածքով միշտ ալ կարեւոր ներդրում ունեցած է հայ մշակոյթի զարգացման գծով: Այդպիսին էր նաեւ ընկ. Հրայրը: Կազմակերպական ու քաղաքական աշխատանքներով կլանուած ըլլալով հանդերձ, ան աշխատակցեցաւ դաշնակցական մամուլին, յատկապէս` «Դրօշակ»-ին, գաղափարաբանական թէ քաղաքական բնոյթի յօդուածներ ստորագրելով: Դաշնակցութեան ընկերաքաղաքական ուղեգիծը պարզաբանող եւ Հայ դատի աշխատանքները ներկայացնող հրապարակային դասախօսութիւններով, ինչպէս նաեւ քաղաքական թէ ներազգային հարցերու գծով Դաշնակցութեան կեցուածքները բացատրող բանախօսութիւններով սատարեց սփիւռքահայութեան քաղաքական մտածողութեան զարգացման:

Սփիւռքահայ դպրոցաշինական ծրագիրները նոյնպէս եղան ընկ. Հրայրի հետաքրքրութիւններուն առարկան: Հիմնական դեր ունեցաւ Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի հաստատման սկզբնական ծրագրի մշակման մէջ, ինչպէս նաեւ հանդիսացաւ մղիչ ուժը Մարսէյի Ճեմարանի ստեղծման: Ան կը հաւատար, որ Մարսէյի մէջ գիշերօթիկ դպրոցի մը ստեղծումը, ուր կար մեծաթիւ հայ գաղութ, աշխարհագրականօրէն Զուիցերիոյ եւ Իտալիոյ մօտ ըլլալով, կարեւոր դեր պիտի խաղար եւրոպահայ նոր սերունդներու հայեցի դաստիարակութեան մէջ: Մեծ աշխատանք տարաւ Մարսէյի Ճեմարանի շինութեան նուիրատու մը գտնելու գործին մէջ:

Իբրեւ պատմամշակութային հարստութեան` ընկեր Հրայր մօտէն ծանօթ էր Հայաստանեայց եկեղեցիին ու հաղորդակից անոր ոգիին, խորհուրդին եւ հաւատքին:  Քաջ գիտէր Հայ եկեղեցւոյ ունեցած վճռորոշ դերակատարութիւնը հայ կեանքէն ներս պատմութեան ընթացքին: Կը հաւատար Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան իւրայատուկ դերակատարութեան սփիւռքի մէջ եւ այդ պատճառով ալ ամրօրէն կառչած մնաց այդ Աթոռի անկախութեան ու անոր ունեցած դերակատարութեան Հայ դատի պահանջատիրութեան  մէջ:

Վերոնշեալ մօտեցումներէն մեկնելով, ինչպէս նաեւ իբրեւ ազգային ժողովներու անդամ, սերտ կապ ունեցաւ Կիլիկեան Աթոռի գահակալներուն հետ, մասնաւորաբար` Արամ Ա. վեհափառին (այն ատեն տակաւին Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ), որ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի գործադիր մարմինի անդամի եւ ապա նախագահի իր հանգամանքով, ընկ. Հրայրին հետ համադրուած աշխատանքով, կարեւոր դեր ունեցաւ ՄԱԿ-ի մարդկային իրաւանց յանձնախումբին մօտ Հայոց ցեղասպանութեան առնչուող բանաձեւի մշակման գծով:

Խառնուածքով ժողովրդավար էր ընկ. Հրայր: Հարցի մը գծով որոշում կայացնելէ առաջ կը խորհրդակցէր, ընկերներու կարծիքները կը շօշափէր եւ ապա կը համադրէր: Խորհրդակցական այդ հանդիպումները յաճախ կ՛ըլլային բուռն, որոնց ընթացքին սակայն ընկ. Հրայր երբեք իր հանգամանքը օգտագործելով` իր կամքը չէր պարտադրեր, այլ կը համոզէր, կամ կը համոզուէր, առաքինութիւն մը, որ յաճախ կը պակսի քաղաքական ղեկավարներուն:

1986-ին էր. Պուրճ Համուտի ապահովութեան եւ պարենաւորման հսկող յանձնախումբի նոր կազմ մը յառաջացնելու համար ԿԿ-ի երկու անդամներով խորհրդակցութիւն մը ունեցանք ընկ. Հրայրին հետ: Հանդիպման սկիզբն իսկ ընկ. Հրայր ընկերոջ մը անունը առաջարկեց իբրեւ յանձնախումբի ատենապետ` նկատի ունենալով անոր այդ մարզէն ներս ունեցած փորձառութիւնը, իսկ մենք կը պնդէինք, որ ընկերոջ ինքնագլուխ գործելու բնաւորութիւնը, ընդհակառակը, կրնար աշխատանքներուն վնասել` անակնկալ ու աննախատեսելի կացութիւններ ստեղծելով, որոնց առաջքը առնել դժուար պիտի ըլլար: Երկար եւ բուռն խօսակցութենէ ետք մեր անդրդուելի կեցուածքին դիմաց ընկ. Հրայր տեղի տուաւ` յաջողութիւն մաղթելով մեր աշխատանքներուն:

1988-ի փետրուարին կը պոռթկար արցախեան շարժումը: Նոյն թուականի օգոստոսին գումարուած ՀՅԴ 24-րդ Ընդհանուր ժողովը, իր ծրագրի ազգային առաջադրանքներէն մեկնած, ամբողջական զօրակցութիւն յայտնելով հայրենի ժողովրդային շարժման, որդեգրեց «Դէպի երկիր» կարգախօսը եւ որոշեց Դաշնակցութեան վերընձիւղումը Հայաստանի մէջ: Տրուած որոշումներուն գործնականացումը վստահուեցաւ ընկ. Հրայրին:

1989-ի դեկտեմբերին Գիւմրիի երկրաշարժէն ճիշդ տարի մը ետք, Սփիւռքահայութեան հետ մշակութայն կապի կոմիտէի հրաւէրով, Համազգային կրթական եւ մշակութային միութիւնը պիտի ներկայացնէի Երեւանի մէջ գումարուելիք Սփիւռքահայ մշակութային միութիւններու խորհրդաժողովին: Պէյրութի օդակայանը փակ ըլլալով` Երեւան պիտի երթայի Լառնաքա, Աթէնք, Մոսկուա, Երեւան ճամբով: Աթէնքի մէջ հանդիպեցայ ընկ. Հրայրին, որ Ընդհանուր ժողովի «Դէպի երկիր» որոշում-կոչի տարերքին մէջ էր: Կապի մէջ էր «Ղարաբաղ» կոմիտէի տղոցմէ քանի մը հոգիին հետ: Հայրենի մտաւորականութիւնը քաջալեր էր Հայաստան գործուղուած դաշնակցական տղոց աշխատանքին նկատմամբ:

Մեր խօսակցութիւնը ընդգրկեց ներհայաստանեան քաղաքական զարգացումները, որոնց նկատմամբ ունէր գործնապաշտ մօտեցում: Ընկ. Հրայր կը հաւատար, որ խորհրդային կարգերու փլուզումը Հայաստանէն կախեալ չէր եւ այդ ուղղութեամբ ժողովրդային որեւէ շարժում կամ ցուցական քայլ կրնար Հայաստան-Ռուսիա կապերը սրել եւ դառնալ ի վնաս Հայաստանի: Կը մտածէր, որ եթէ Խորհրդային Միութիւնը բաղկացնող հանրապետութիւններուն մեծ մասը ուզէր անկախանալ, այդ պարագային Հայաստանն ալ պիտի ընդգրկէր այդ գործընթացը: Իսկ եթէ Խորհրդային Միութիւնը չփլուզուէր, ապա առայժմ Հայաստանի անկախանալը անհնարին էր եւ այդ պարագային միակ բանը, որ Դաշնակցութիւնը կրնար ընել, միջազգային քաղաքական շրջանակներուն մօտ Հայաստանի նկատմամբ բարենպաստ մօտեցում ապահովելն էր: Ան համոզուած էր, որ նման կացութեան առջեւ ՀՅԴ-ի Հայաստան վերադարձը պէտք էր ըլլար Հայաստանի օրուան իշխանութիւններուն հետ բանակցելով, որեւէ այլ ուղի Դաշնակցութեան համար արկածախնդրութիւն կը նկատէր:

Հանդիպման աւարտին ընկ. Հրայր գիրքերու երկու մեծկակ կապոց դաշնակցական գրականութիւն տուաւ, որ յանձնեմ Ալվարդ Պետրոսեանին, որ այդ օրերուն հայ մտաւորականութեան շարքերուն մէջ շատ գործունեայ էր եւ ծանօթ` իր ազգայնական մտածողութեամբ: Այնուհետեւ քաղաքական անցուդարձերը գահավէժ ընթացք ստացան, գլխաւորաբար` արցախեան ճակատի վրայ: Ընկ. Հրայրը Հայաստան այցելեց, որմէ ետք 1990 օգոստոսին ՀՅ Դաշնակցութիւնը հայ ժողովուրդին ուղղուած հաղորդագրութեամբ յայտարարեց Հայաստանի մէջ իր վերընձիւղումը: Սկսան Արցախի ազատագրման զինուորական գործողութիւնները դաշնակցական մարտիկներու անմիջական մասնակցութեամբ, որ նոր էջ բացաւ հայ ժողովուրդի ազգային ազատագրական պայքարի պատմութեան մէջ: Ընկ. Հրայր գաղափարական ու բարոյական մեծ ներդրում ունեցաւ արցախեան ազատամարտի ամբողջ ընթացքին եւ որոշիչ դեր` զինեալ պայքարի ու ժողովուրդի ինքնապաշտպանութեան կազմակերպման գծով:

Դաշնակցութեան ներհայաստանեան քաղաքականութիւնը սակայն, որ ըստ ընկեր Հրայրի պատկերացումին պէտք էր անկախութեան գործընթացը հասցնէր հայ ժողովուրդի պապենական իրաւունքներու ձեռքբերման, Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան իրական եւ ամբողջական հաստատման, որպէսզի Հայաստանը հասնի քաղաքակիրթ ազգերու մակարդակին, բախեցաւ նախկին խորհրդային կարգերէն վերապրած ուժերու եւ մեծապետական վերադասաւորումներու խաղին ստեղծած արգելքներուն:

Պետականութիւն կերտելու ճամբուն վրայ հայրենի իշխանութիւններուն թոյլ տուած բացթողումները, յատկապէս հայ ժողովուրդին մէջ «հայաստանցի» եւ «արտասահմանցի» տեսնելու մօտեցումը, տնտեսական քաղաքականութեան մէջ «մաֆիական» դրսեւորումները, շրջափակուած ըլլալով հանդերձ, իշխանութեան որդեգրած արեւմտամէտ քաղաքականութիւնը բաւարար պատճառներ էին, որ Դաշնակցութիւնը իշխանութիւններուն ընթացքը քննադատէ` պահանջելով, որ անոնք ըլլան շրջահայեաց, պետական կառոյցները զարգացնեն ազատական մօտեցումով, արհեստավարժ ու արժանաւոր անձինք պաշտօնի կոչելու քատրային քաղաքականութիւն վարեն, յարգեն քաղաքացիներու տարրական իրաւունքները, հրաժարին ժողովուրդին նկատմամբ խորհրդային վարչակարգէն մնացած ճնշումի միջոցներ կիրարկելէ, չկաշկանդեն մտքի ու խօսքի ազատութիւնները, վերջապէս ձգտին իսկական ժողովրդավարութեան հաստատման:

Ընկ. Հրայրի կողմէ հրապարակաւ կատարուած Դաշնակցութեան պահանջներու բանաձեւումը, օրուան իշխանութեան կողմէ ընկալուեցաւ իբրեւ Հայաստանի դէմ ուղղուած գործընթաց, որուն գագաթնակէտը հանդիսացաւ 1992-ի յունիսին Լեւոն Տէր Պետրոսեանի կողմէ ՀՅԴ 25-րդ Ընդհանուր ժողովի` Հայաստանի մէջ գումարման մետասաներորդ պահուն արգիլումը, ՀՅ դաշնակցութիւնը իբրեւ «դաւադիր կազմակերպութիւն» ամբաստանութիւնը եւ ընկեր Հրայրին երկրէն արտաքսումը:

1993-ի գարնան ընկ. Հրայրին հանդիպեցայ ՀՅԴ մարմիններու խորհրդաժողովին, Կիպրոս, Նիկոսիա: Ժողովէն օր մը առաջ հասած ըլլալով` տեսնուեցանք «Աքրոփոլիս» պանդոկը, ուր կ՛իջեւանէր: Ընկ. Հրայր ազգ հասկացողութիւնը կը նկատէր մարդկութեան հոլովոյթին ամենազարգացած աստիճանը: Կը հաւատար, որ ազգերու ազատագրումը կ՛առաջնորդէ մարդ անհատի ազատութեան ու բարգաւաճման, որուն պէտք է ձգտի ամէն հայ: Այս տրամաբանութենէն մեկնելով` հայրենի իշխանութիւններուն Դաշնակցութեան ու իր նկատմամբ տրուած որոշումը կը նկատէր կամայական ու խիստ վիրաւորական, որ կը խոչընդոտէր ժողովրդավար եւ արդար կարգերու կայացումը Հայաստանի մէջ: Մտահոգ էր, որ պատահածը Դաշնակցութեան նկատմամբ քաղաքական հալածանքներու սկիզբ մըն է, որուն պէտք է պատրաստ ըլլալ եւ այսուհետեւ իշխանութիւններու նկատմամբ նոր մօտեցում որդեգրել: Հետագայ դէպքերը, դաշնակցական ընկերներու ձերբակալութիւնները եւ բանտարկութիւնները հաստատեցին ընկ. Հրայրին մտահոգութիւնները:

Յաջորդական երեք օրերու ընթացքին ժողովը քննեց օրակարգի վրայ եղած հարցերը` ծանրանալով մասնաւորաբար հայրենի իշխանութիւններուն նկատմամբ ՀՅԴ Ընդհանուր ժողովին որդեգրած քաղաքականութեան գործնականացման աշխատանքներուն վրայ:

ՀՅԴ մարմիններու ժողովը եղաւ մեր վերջին հանդիպումը:

1998 դեկտեմբեր 26-ին, ցուրտ օր մը, Երեւանի Թոխմախկէօլ ձիւնածածկ գերեզմանատան քաղաքային պանթէոնը, Արամ Մանուկեանի շիրիմին հանդիպակաց կողմը, «Վէրքերով լի» երգելով, ընկ. Հրայրին մարմինը յանձնեցինք հողին, այն հողին, որուն ազատութեան եւ անկախութեան համար իր կեանքը նուիրեց:

Այն պահուն, երբ իւրաքանչիւր ներկայ, իբրեւ վերջին յարգանք, կը ջանար ափ մը հող նետել ընկերոջ թաց շիրիմին, յիշեցի մեր առաջին հանդիպումը Պէյրութ` «Պրիսթոլ» պանդոկը: Աչքիս առջեւ պատկերացաւ ընկ. Հրայրին վայելուչ հասակը, մոխրագոյն մազերն ու հաստ ակնոցները, եւ զգացի, որ ինծի համար կուսակցական կեանքի ամբողջ ժամանակաշրջան մը փակուեցաւ:

Մարդիկ կան, որոնց մեկնումը կ՛աղքատացնէ կեանքը: Ընկ. Հրայր Դաշնակցութեան երկնակամարին վրայ երեւցաւ դաշնակցական առաջին սերունդէն եօթանասուն տարիներ ետք, 1963-էն սկսեալ մաս կազմելով յաջորդական Բիւրոներուն եւ իր մտածելակերպով ու գործելակերպով դաշնակցական ղեկավարի տիպարը հարստացուց նոր օրերու պահանջները բաւարարող արժանիքներով` անոր տալով նոր դիմագիծ, որ կը մնայ ուսանելի:

ՅԱԿՈԲ ԵԱՓՈՒՃԵԱՆ – Aztagdaiy.com

Comments

comments