ՄԵՐ ՄԵԾԱԳՈՅՆ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆԸ

Հայութեան Քաղաքական եւ Կազմակերպական Որակի Բարձրացում

Ազգի մը յառաջդիմութիւնը, քանակական եւ որակական առումով, կ’իրականանայ (պէ՛տք է իրականանայ) կեանքի տարբեր մարզերուն մէջ անոր ներդաշնակ, բազմակողմանի զարգացումով:

Հոն, ուր այդ զարգացումը միակողմանի ուղղութեամբ կ’ընթանայ, հին յառաջդիմութիւնը յարաբերական արժէք միայն կը ստանայ եւ տագնապը, ընկերային եւ ազգային մակարդակի վայ, ուշ կամ կանուխ՝ անխուսափելի կը դառնայ, վտանգելու աստիճան տուեալ ազգի գոյատեւման պայքարին արդիւնաւորութիւնը:

Ուստի ճշմարիտ յառաջդիմութիւնը, յամենայնի արդիւնաւորն ու փրկարարը, հաւասարակշիռ զարգացումն է կեանքի բոլոր ճակատներուն վրայ միանգամայն, ներքին թէ արտաքին ազդակներու խելամիտ արժեւորումով ու օգտագործումով, ի հարկէ՝ մարդկօրէն հնարաւորի սահմաններուն մէջ:

…հայ ժողովուրդը տասնեամեակներէ ի վեր աննախընթաց յառաջդիմութիւն եւ ըստ ամենայնի պատւաբեր նուաճումներ կ’արձանագրէ կեանքի գրեթէ բոլոր ճակատներուն վրայ, – մշակութային, տնտեսական, գիտական, արհեստագիտական եւ ա՛յլ՝ յատկապէս ազատ ասպարէզներու մէջ:

Այդ յառաջդիմութիւնը, նիւթական եւ հոգեմտաւոր հսկայական դրամագլուխի կուտակման իբրեւ աղբիւր, փաստօրէն, իր նախընթացը չունի վերջին հազարամեակի մեր պատմութեան մէջ եւ տեղի ունեցաւ հակառա՛կ տիրող չափէն աւելի աննպաստ պայմաններու ճնշումին:

Առնենք նախ Հայաստանի օրինակը…:

Արդարեւ, ներկայ Հայաստանը, խորհրդայնացումէն ետք, խորհրդային տասնըհինգ հանրապետութեանց մէջ, իր կեանքը սկսաւ իբրեւ.

ա.–Աշխարագրականօրէն ամէնէն փոքր հանրապետութիւնը

բ.– Ամէնէն փոքրը՝ նաեւ իր բնակչութեամբ:

գ.– Ամէնէն աղքատը՝ նոյնպէս բնական իր հարստութիւններով:

գ.– Ընկերային եւ տնտեսական իր կառոյցներուն մէջ ամէնէն աւելի ծանրօրէն հարուածուածն ու քայքայուածը:

ե.– Քաղաքականու դիւանագիտական անձնակազմի եւ պետական աւանդութեանց տեսակէտէն ամէնէն աւելի զրկեալն ու անպատրաստը:

զ.– Մշակութային կամ որակական դրամագլուխի տեսակէտէն եւս ամէնէն աւելի խոցուածն ու տկարը միանգամայն,– չմոռնալ, որ հայ գիւղացիութիւնըՀայաստանի բնակչութեան 90 առ հարիւր համեմատութիւնը, թուրանական ցեղային-բարբարոսական դրութեան դարաւոր ճնշման հետեւանքով, կ’ապրէր գրեթէ միջնադարեան պայմաններու մէջ, իբրեւ ռայան թուրքին կամ պարսիկին ռայա քիւրտին:

է.– Աւելի՛ն. Հայաստանի հայութեան գրեթէ կէսը, 750 հազարի վրայ շուրջ 300 հազարը կը բաղկանար Թրքական Ցեղասպանութեան զոհ որբերէ եւ այրիներէ:

ը.– Ամբողջ երեսնամեակ մը, Խ. Հայաստանը գլխաւոր զոհերէն մէկը, ամէնէն աւելի հալածականը եղաւ ստալինեան բռնապետութեան, իսկ Բ. Աշխարհամարտին, իր բնակչութեան համրանքին յարաբերաբար, ամէնէն աւելի մեծ թիւով զոհերը տուաւ,– շուրջ 300 հազար մարդ:

Հակառա՛կ այս բոլորին, այսօր Խ. Հայաստանը, խորհրդային տասնհինգ հանրապետութեանց մէջ, ամէնէն յառաջադէմ հանրապետութիւններէն մէկն է մշակութային, ճարտարարուեստական եւ գիտա-արհեստագիտական գրեթէ բոլոր մարզերուն մէջ: Հայութիւնը, այլազան մարզերու մէջ, նոյնպէս առաջին գիծի վրայ է եւ պատուաբեր դիրքեր կը գրաւէ նաեւ համախորհրդային մակարդակի վրայ, յատակապէս բարձրագոյն ուսման տէր անձակազմի իր համեմատաբար բարձր միջինով:

Հայութեան պատկերը նոյնն է, ի հարկէ՝ յարաբերական առումով, նաեւ Արտերկրի բոլոր գաղթօճախներուն, հիւրընկալ գրեթէ բոլոր երկիրներուն մէջ, ուր ամէն մարզի մէջ յառաջդիմութեան ընդհանուր միջինէն վեր է ան՝ տեղաբնիկ ժողովուրդներուն բաղդատաբար:

Այս կը նշանակէ պարզապէս, որ հայութիւնը, ընդհանրական իր այս նորօրինակ առաջընթացքով, վաթսունհինգ տարուան կարճագոյն ժամանակամիջոցի մը մէջ, վիթխարի ոստում մը կատարած է միջնադարեան խաւարէն դէպի 20րդ դարու լուսափառ հրապարակները:

Պատկերը աւելի յստակ եւ աւելի ուշագրաւ կը դառնայ, երբ աչքի առջեւ ունենանք ընդհանրապէս Հայաստանի հայութեան վիճակը 20րդ դարու սկիզբները եւ այն ողբերգական ճակատագիրը, որուն ենթարկուեցաւ ան Մեծ Եղեռնին՝ թրքական ցեղասպանութեան ճամբով…

Եւ այս երեւոյթը, իրապէս նշանակալից եւ ուսանելի ըստ ինքեան, անհերքելիօրէն ցոյց կու տայ հայութեան կենսունակութիւնը, անհատական թէ ընդհանրական մակարդակի վրայ հաւասարապէս եւ, իբրեւ այդպիսին, ամէնէն վաւերական վկայութիւնը կը կազմէ անոր վերապրումի կամքին ու ընդունակութեան:

Մետալին միւս երեսը այն իրողութիւնն է, որ հայութեան կամ հայ տաղանդին այս ուժական ծաղկումը, որուն իր մասնակցութիւնը, այս կամ այն ձեւով, կը բերէ գրեթէ ամէն հայ, փաստօրէն արժանավայել իր արտայայտութիւնը, իր ուժն ու արժէքը չի գտներ երկու հիմնական մարզերու մէջ.

1.– Կազմակերապական ճակատի վրայ՝ համասփիւռքեան եւ յատկապէս համահայկական չափանիշով, մեր ներքին ուժերու համադրման ու արժեւորման եւ հաւաքական ուժի ու կամքի կերտման ի խնդիր:

2.–Քաղաքական մտքի, քաղաքական նպատակասլաց վարքագիծի, քաղաքական մեր կշիռի կամ որակի մշակման ու զօրացման ճակատի վրայ, իբրեւ նախապայման հայութեան ընդհանրական իտէալներու աստիճանական նուաճման:

Քալել ժամանակին հետ, կազմակերպուիլ արդի ժամանակներու ոգիին ու պահանջներուն համաձայն, արդիանալ ու արդիացնել կազմակերպական մեր կառոյցներն ու գործելակերպը՝ համահայկական ընդհանրական մեր տեսլականներու ներշնչումով եւ հայութեան յառաջդիմութիւնը, անհատական թէ հաւաքական գետնի վրայ, անոր կուտակած եւ դեռ կուտակելիք մշակութային ու քաղաքակրթական կամ նիւթական ու հոգեմտաւոր հարուստ դրամագլուխը վերածել քաղաքական ուժի, քաղաքական որակի, քաղաքական կամքի ու կշիռի:

Ահա ամբողջ խնդիրը:

Տարակոյս չկայ, որ յարաբերական այս տկարութիւնը կամ տեղատւութիւնը իր առարկայական ներքին թէ արտաքին պատճառները ունի: Սակայն, այդ պատճառները, որքան ալ կարեւոր բնոյթ կրեն, ամէն ինչ չեն բացատրեր, հարկաւ, առաւե՛լ եւս՝ ամէն ինչ չեն արդարացներ:

Էականը այս զոյգ ճակատներուն ամրապնդումն է, այո՛. հայութեան կազմակերպական-հաւաքակա՛ն ուժի կերտումը նոր ժամանակներու իմացումով եւ անոր քաղաքական կամքի ու կշիռի զօրացումը, նախաձեռնութեան ոգիին եւ յեղափոխական մարտունակութեան զարգացումը:

Այլապէս, այսինքն առանց կազմակերպական յարաճուն ուժի ու կենսունակ կառոյցներու եւ առանց քաղաքական ամուր կամքի ու պայծառ տեսլականի, ընդունայն է ամէն ճիգ եւ յառաջդիմութիւն մնացեալ բոլոր ճակատներու վրայ անխտիր:

Հետեւաբար, առանձնապէս պատմական ներկայ հանգրուանին, հարցերո՛ւն հարցը հայ ժողովուրդի ներկայ ընդհանրական Զարթօնքը, անոր նուաճած մշակութային, տնտեսական, գիտա-արհեստագիտական որակն ու մարդուժը կազմակերպակա՛ն զօրութեան եւ քաղաքակա՛ն կշիռի յաւելման ի սպաս դնելն է՝ հայ ազատագրական պայքարի ծաւալման ու արդիւնաւորման ի խնդիր:

Այն յստակ գիտակցութեամբ, որ կը վերապրին եւ պատմութիւն կը կերտեն ընկերային ու ազգային այն հաւաքականութիւնները միայն, որոնք ժամանակի ոգիին համաձայն կազմակերպուելու ու պայքարելու արուեստը գիտեն, կը ներշնչուին ու կ’առաջնորդուին քաղաքական սեփական տեսլականով, ինքնուրոյն կամքով եւ հետեւողական վարքագիծով:

Մեր հաւաքական մեծագոյն պատասխանատուութիւնը կը կայանայ ահա ճիշդ այս կէտին, այս գիտակցութեան եւ այս մտասեւեռումին մէջ,– հայութեան քանակն ու որակը կազմակերպօրէն ու քաղաքականօրէն վերարժեւորելու նուիրական այս առաքելութեան մէջ:

Իսկ հաւաքական այս պատասխանատուութիւնը, բնակա՛նաբար, կը ծանրանայ հայ ազգային ու քաղաքական ղեկավարութեան, հայ մտաւորականութեան, գլխաւորաբար հայ քաղաքական կազմակերպութեանց ուսերուն:

Հաւաքական այս պատասխանատուութեան բոլորանուէր յանձնառութիւնն է, անհատական թէ հաւաքական գետնի վրայ, ամէնէն վաւերական գրաւականը հայ ազատագրական պայքարի յաղթանակին եւ հայ ժողովուրդի քաղաքական լուսաւոր ապագայի կերտումին:

Հայութեան ինքնարժեւորման եւ ինքնահաստատման պատմակշիռ այս մարտահրաւէրին հայավայել դիմագրաւումը մեր օրերու ամէնէն հրատապ հարցն է:

Առաջին հրամայականը՝ համահայկական մակարդակի վրայ:

Սարգիս Զէյթլեան
«ԱԶԴԱԿ ՇԱԲԱԹՕՐԵԱՆ – ԴՐՕՇԱԿ»
ԺԴ. Տարի, 1983, թիւ 32

Comments

comments