《Եւ սա ժողովրդավարութիւն է։ Եւ ժողովրդավարութեան հիմքը՝ քաղաքացիի ազատ եւ արդար քուէն է։》 Րաֆֆի Տուտագլեան

Նամակ երկրէն ԱՄԷՆ ԻՆՉ ԿԸ ՍԿՍԻ ՈՒ ԿԸ ՎԵՐՋԱՆԱՅ ԱԶԱՏ ՔԱՂԱՔԱՑԻԻ ԱՐԴԱՐ ՔՈՒԷՈՎ Մի քանի օրէն պաշտօնապէս պիտի սկսի Ազգային ժողովի ընտրութիւններու քարոզարշաւը, այսպէս ըսուած campaign-ը։ Անպաշտօն ընտրապայքարը սկսած էր արդէն այն օրէն, երբ որոշուեցաւ ընտրութիւններու օրը։ Եւ բոլո՛ր ուժերը, անխտիր բոլոր ուժերը, անպաշտօն քարոզարշաւի մէջ էին նոյնիսկ շատ աւելի շուտ։ Ընտրական քարոզարշաւը շատ բուռն Read More …

《Մենք այս կետէն սկսինք, թէկուզ ըլլալով առաջին խրփոները:》Վիգէն Յովսէփեան

Ճանչցողները գիտեն որ վերջին երկու-երեք տարիներուն, որքան մտահոգ եղած եմ մեր ազգային-քաղաքական իրականութեան մէջ բանականութեան վրայ հիմնուած խօսքի արձանագրած նահանջին ուղղութեամբ: Մտահոգութիւնս եղած է այն որ քաղաքական բանավէճներուն և տարբերութիւններուն արտայայտութեան որակն ու ձևը սկսած են փոխուիլ, կեղտոտիլ, և նոյնիսկ` չարանալ:

«Ինքզինք ընկերվարական համարող և ընկերվարութիւն ջատագովող որևէ անհատ կամ կազմակերպութիւն չի կրնար պայքարիլ տնտեսական բնագաւառի մէջ արդարութեան համար, և միաժամանակ որդեգրել պահպանողական ընկերային արժեհամակարգ մը:» Վիգէն Յովսէփեան

Վիգէն Յովսէփեան Մեր օրերու ամէնէն սխալ ընկալուած և աղաւաղուած աշխարահայեացքը ընկերվարութիւնն է: Մասամբ զայն մերժողներուն կողմէ ծրագրուած և հետեւողական խեղաթիւրումներու պատճառով, մասամբ ալ ընկերվարութեան անուան տակ ընկերվարութենէ զատ ամէն ինչի նմանող հայեացքներու չարաշահումներուն պատճառով, շատ մը միջավայրերու մէջ անաղարտ ընկերվարական գաղափարախօսութիւնը ըստ արժանւոյն չէ հասկցուած:

Ամսուան Ծանր Օղս – Ասպետ Հ.

Ճիշդ է, այս անգամ եւս նշմարեցի… Ժողովուրդը, մանաւանդ երկրին կորիզը ներկայացնող երիտասարդութիւնը կ’ապրի յուսալքուած։ Հիասթափուած է որովհետեւ չունի յենարան, չունի յոյս ապագայի նկատմամբ, չի հաւատար այսօրուան ստուեր քաղաքականութեան ու այդ ճահիճը ներկայացնող բոլոր ուժերուն… Այո, բոլոր ուժերուն ԱՆԽՏԻ՛Ր… Կը հասկնամ։ Հասկնալի է որովհետեւ հիմնուած է առարկայական իրողութիւններու վրայ, զոր պէտք է դիտարկած ու դատապարտած ըլլայինք Read More …

Համակողմանի Հոգատարութիւն – Սարգիս Զէյթլեան

Համակողմանի Հոգատարութիւն, Սարգիս Զէյթլեան Չարաչար կը սխալին բոլոր անոնք , որ կը կարծեն , թէ Խորհրդային Սփիւռքի ազգայնօրէն եւ կազմակերպօրէն անմխիթար վիճակը , հետեւաբար նաեւ՝ անոր սպառնացող ապազգայնացման ու ձուլման վտանգը հրատապ բնոյթ չունի , գոնէ անմիջական չէ կամ առնուազն ենթադրուածին չափ ծանրակշիռ հանգամանք չի պարզեր ներկայիս: Ընդհակառա՛կն : Ո՛րքան տարիները կ՛անցնին , դամոկլեան սուրի Read More …

Հայրենադարձութեան կոչ – Դէպի երկիր

Արդէն քսանհինգ տարի է որ անկախ պետութիւն ունինք  , քսաներկու տարիէ ի վեր ազատագրուած Արցախ ունինք : Միասնաբար երկու հայկական հանրապետութիւնները կը կազմեն մօտ 40,000 ՔՔՄ , ուր միմիայն մօտ 2-3 միլիոն մարդ կը բնակի: Ընկերային եւ տնտեսական վատ պայմաններուն պատճառաւ Հայաստանի մէջ արտագաղթը մագլցողական աճ կ՛արձանագրէ տարուէ տարի  , իսկ հայութեան աւանդական գաղութները կը Read More …

Յարձակողական ինքնապաշտպանութիւն

Ատենէ մը ի վեր նորութիւն կայ հայութեան քաղաքական ժամանակակից պահանջներու մարզէն ներս. Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման պահանջին կողքին հետզհետէ բեմին վրայ կը քաշուի հայկական պահանջատիրութեան խնդիրը: Ատիկա կը կատարուի փոքր քայլերով, սակայն զարմանալիօրէն անմիջական արդիւնքներով: Այսպէս, սեղանի վրայ դրուեցաւ Թուրքիոյ կողմէ հայութեան բռնագրաւուած եկեղեցական նիւթական ժառանգութեան հարցը, որ անյապաղ դրականօրէն ընկալուեցաւ քաղաքական Արեւմուտքին կողմէ: Արդարեւ Միացեալ Read More …

«Բայց գոնե հիմա, Հունգարիան և եվրոպական երկրները կհասկանան` ինչու Լեռնային Ղարաբաղի հայերը չեն ցանկանում Ադրբեջանի իշխանության տակ ապրել:» Վահան Հովհաննիսյան

«Եվրանեսթ» խորհրդարանական վեհաժողովի փոխնախագահ, «Եվրանեսթ» ԽՎ-ում ՀՀ պատվիրակության ղեկավար Վահան Հովհաննիսյանը նամակ է հղել վեհաժողովի անդամներին. «Տկն Հերցզոգ Էդիթ, Եվրախորհրդարանի անդամ Պրն Գյորք Անդրաս, Եվրախորհրդարանի անդամ Պրն Դոյչ Տամաս, Եվրախորհրդարանի անդամ Տկն Գալ Կինգ, Եվրախորհրդարանի անդամ Պրն Գլատֆելդեր Բելա, Եվրախորհրդարանի անդամ Տկն Գուրմաի Զիտա, Եվրախորհրդարանի անդամ

«Մհերի յիշատակին` Մհերի պաշտած գաղափարով… ԴԷՊԻ ԵՐԿԻ՛Ր» ԱՐԻ ԳԱԶԱԶԵԱՆ

  23 օգոստոս 1993-ին Արցախի ազատագրական պայքարը Մարտունիի մէջ տուաւ 5 նահատակներ: Այս կորուստին մեծ բաժին ինկաւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան, որ զոհեց իր հերոս ընկերներէն չորսը` Մերուժան Մոսիյեանը, Մհեր Ջուլհաճեանը, Լեւոն Համբարձումեանը եւ Արտակ Մնացականեանը: Նոյն վախճանը ունեցաւ իրենց զինակից ընկերը` Ռուտիկ Աւագեան: Արցախի ազատագրական պայքարը շարունակուեցաւ եւ 1994-ին յաղթանակով պսակուեցաւ: