Գէորգ Չաւուշի Յիշատակին

Գէորգ Չաւուշի Յիշատակին

Հազար ինն հարիւր եօթ թուականին,
Չքնաղ Մայիսի քսան եւ եօթին,
Տօն է բազմաշխատ մահուան Գէորգին,
Սասնոյ հարազատ մեծանուն քաջին։

Թնդաց սրտերը տասնեակ քաջերուն,
Կռուեցան անվերջ մինչեւ իրիկուն,
Իսկ երբ գիշերեց՝ Գէորգը շալկած,
Գիւղէն դուրս ելան, հոգնած ու տրտմած։

Ճամբան աղաչեց քաջն մահամերձ,
Հանգիստ ձգէ՛ք զիս, մի ընէ՛ք շնչահեղձ,
Դրէք զիս այստեղ, ծածկեցէք խոտով,
Գացէք, ընկերներ, դուք գացէք բարով։

Վերջին բարեւներս տարէք հայ ազգին,
Վերջին համբոյրս՝ որդւոյս Վարդգէսին,
Գացին ընկերներ, մօտեցան կարգով,
Համբուրեցին զինք ու անցան խմբով։

Նայեց բոլորտիք, ա՛լ չկար ընկեր,
Ընկած կռուի դաշտ տառապէր անտէր,
Համբուրեց հողը քաղցր հայրենեաց,
Փակեց աչքերը ներքեւ աստեղաց:

Comments

comments