Միսաք Թորլաքեան

Միսաք Թորլաքեան ծնած է Տրապիզոնի Կիւչանա գիւղը: 17 տարեկանին կը կազմակերպէ մահմետական լազերու դէմ պայքարող հայ վրիժառուներու խումբ, որ զբաղուածէ նաեւ զէնք ու զինամթերք հայթայթելով:
1914 թուականին կը զօրակոչուի թուրքական բանակ: Սարիղամիշի ճակատամարտին (12 1914 – 01 1915) կրած կործանիչ պարտութենէն ետք թուրքական բանակի հայ զինուորները կը զինաթափուին ու կ’ուղարկուին շինարարական գումարտակներ, ուր անոնց զգալի մասը կը գնդակահարուի իր իսկ փորած խրամատներուն մէջ: Միսաք կը յաջողի ազատիլ, եւ առանձին խումբ կը կազմէ եւ կը պատուհասէ թուրք դահիճները:
Միսաք կամաւորական 6-րդ ջոկատի, ապա նորաստեղծ Հայկական զօրքի (հրամանատար՝ Թ. Նազարբէկեան) կազմին մէջ կը մասնակցի շարք մը մարտերու, ինչպէս Բաշ-Ապարանի ճակատամարտին (մայիս 1918-ին):
1920-ին Միսաքը, ընդգրկուելով «Նեմեսիս» վրիժառու խումբի մէջ, կը մեկնի Կ. Պոլիս:

1921 Յուլիսի 18-ին Կ. Պոլիս հրատարակուող «Ճակատամարտ» թերթի խմբագրատան առջեւ Միսաք գնդակահարեց Ատրպեջանի ներքին գործերու նախարար Պեհուտ խան Ջիւանշիրը՝ 1918 Սեպտեմբերին Բաքուի 30.000 եւ 1921 մարտի 23-ի Շուշիի 35.000 հայերու ջարդերը կազմակերպիչներէն մին: Միսաք Թորլաքեան կը ձերբակալուի եւ կը դատուի Կ. Պոլիսը գրաւած դաշնակիցներու կողմէ:

1921 Նոյեմբեր 22-ին անգլիական դատարանը ազատ կ’արձակէ Միսաք Թորլաքեանին, հաշուի առնելով Ջիւանշիրի յանցանքը, Միսաքի արարքը կը բնորոշուի որպէս արտակարգ յուզմունքի վիճակի մէջ կատարուած սպանութիւն:
Միսաք Թորլաքեան կ’անցնի Յունաստան, ապա Պելկրատ ու Պուխարեսդ: Ան Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի տարիներուն կը մասնակցի Դրաստամատ Կանայեանի հայափրկիչ գործին՝ երկրորդ համաշխարհային պատերազմի ժամանակ գերութենէ կ’ազատէ Ղրիմ եւ Նովորոսիյսգ գտնուող բազմաթիւ հայեր:

1945-48 թուականներուն նորէն կը մեկնի Ռումանիա, իսկ յետոյ՝ կ’անցնի ԱՄՆ: Կեանքի վերջին քսան տարին կ’անցնէ Լոս Անճելես ուր կը գրէ իր յուշերը («Օրերուս հետ» 1953 Լոս Անճելես):

Comments

comments