Ամսուան Ծանր Օղս – Ասպետ Հ.

Ճիշդ է, այս անգամ եւս նշմարեցի… Ժողովուրդը, մանաւանդ երկրին կորիզը ներկայացնող երիտասարդութիւնը կ’ապրի յուսալքուած։

Հիասթափուած է որովհետեւ չունի յենարան, չունի յոյս ապագայի նկատմամբ, չի հաւատար այսօրուան ստուեր քաղաքականութեան ու այդ ճահիճը ներկայացնող բոլոր ուժերուն… Այո, բոլոր ուժերուն ԱՆԽՏԻ՛Ր…

Կը հասկնամ։

Հասկնալի է որովհետեւ հիմնուած է առարկայական իրողութիւններու վրայ, զոր պէտք է դիտարկած ու դատապարտած ըլլայինք իբրեւ սփիւռքահայ վերջին 20 տարիներուն ընթացքին։
Դժբախտաբար այս բնագաւառին մէջ լռութիւնն է որ իշխած է ու կ’իշխէ։ Չի մոռնանք որ ալ լռութիւնը համաձայնութեան կամ անտարբերութեան հոմանիշ է։

Բայց ուշադրութեան պէտք է հրաւիրել այդ բոլոր «մեծ» մարդկանց, բոլոր անգործութեամբ զբաղուող մտաւորականներուն…

Հիասթափութիւնը կը տանի հաւաքականութեան… Իսկ երբ հաւաքական ուժ ներկայացնէ հիասթափութիւնը, այդ կը դառնայ վտանգաւոր ունենալով ամէն տեսակի հետեւանքներ։

Այս էր այդ բոլոր «պատասխանատուներուն» ականջներուն համար այս ամսուան հաճելի ծանր օղս…

Ասպետ Հարմանտայեան
Սեպտեմբեր 2017

Comments

comments