«Մհերի յիշատակին` Մհերի պաշտած գաղափարով… ԴԷՊԻ ԵՐԿԻ՛Ր» ԱՐԻ ԳԱԶԱԶԵԱՆ

 

23 օգոստոս 1993-ին Արցախի ազատագրական պայքարը Մարտունիի մէջ տուաւ 5 նահատակներ: Այս կորուստին մեծ բաժին ինկաւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան, որ զոհեց իր հերոս ընկերներէն չորսը` Մերուժան Մոսիյեանը, Մհեր Ջուլհաճեանը, Լեւոն Համբարձումեանը եւ Արտակ Մնացականեանը: Նոյն վախճանը ունեցաւ իրենց զինակից ընկերը` Ռուտիկ Աւագեան: Արցախի ազատագրական պայքարը շարունակուեցաւ եւ 1994-ին յաղթանակով պսակուեցաւ:

Սակայն ամէնէն աւելի մեր սրտերուն հարազատ է պէյրութահայ դաշնակցական նահատակը` Մհեր Ջուլհաճեանը: Ան ծնած է Պէյրութ, 28 նոյեմբեր 1967-ին: Նախնական ուսումը ստացած է Դամասկոս, ապա 1978-ին ծնողքին հետ փոխադրուած է Պէյրութ: Մհեր կ՛անդամակցի ՀՅԴ Պատանեկան միութեան, ապա կ՛անցնի ՀՅԴ ԼԵՄ-ի շարքերը: 1989-ին ան կը ստանայ գիտութեան պսակաւորի վկայականը` Պէյրութի ամերիկեան համալսարանէն: Ապա իր ուսումը կը շարունակէ երկրաբանութեան բաժանմունքին մէջ` մագիստրոսի տիտղոս ստանալու նպատակով: 1990-ին Մհեր կու տայ իր դաշնակցականի երդումը ու կ՛անցնի ՀՅԴ ԶՈՄ-ի շարքերը: 1992-ին Մհեր կը պսակուի ու կը մեկնի Հայաստան:

* * *

Օգոստոս 2012-ին, Սուրիոյ պատերազմը կը հասնի Հալէպ, ուր կը բնակին տասնեակ հազարաւոր հայեր: Օդանաւային «Արմաւիա» ընկերութիւնը օգոստոսին կը ճշդէ յաւելեալ արտակարգ թռիչքներ` Հալէպէն Երեւան:

Պատերազմը արդէն հասած է Հալէպի հայահոծ շրջանները, եւ վտանգ կը սպառնայ հալէպահայ գաղութին: Բաւական երկար պիտի տեւեն դէպքերը, որոնց պատճառով բոլորովին այլափոխուած պատկեր պիտի ունենայ Սուրիան, անկախ անկէ, թէ ո՛ր կողմը յաղթական դուրս պիտի գայ: Այս յօդուածով չեմ փափաքիր քննարկել, թէ Սուրիոյ հայ գաղութը պէ՞տք է հոն պահել, թէ՞ պարպել: Ի վերջոյ, ոչ ոք կրնայ ստիպել ամբողջ գաղութի մը գաղթը, որքան ալ վտանգաւոր ըլլայ այդ երկրի ապահովական իրավիճակը, ինչպէս նաեւ ոչ ոք կրնայ ստիպել, որ գաղութ մը չգաղթէ եւ երախտապարտ մնայ Ցեղասպանութենէ ետք ապաստան տուող երկրին:

Իմ խօսքս կ՛ուղղեմ բոլոր այն սուրիահայերուն, որոնք մտադիր են կամ կը փափաքին վերջնականապէս լքել Սուրիան: Իբրեւ հայ պարտականութիւնս է, եւ իւրաքանչիւր հայու,-սփիւռքահայու, հայաստանցիի, արցախցիի, ջաւախքահայու- պարտականութիւնն է կոչ ուղղել գաղթող սուրիահայուն` հաստատուելու Հայաստան, Արցախ կամ Ջաւախք:

Այսօր, այն սուրիահայերը, որոնք կը մտադրեն գաղթել, իրաւունք չունին օտար երկիրներ երթալու: Թերեւս անոնք Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսայի կամ Լիբանանի մէջ ունին հարազատներ, սակայն այդ երկիրներուն մէջ անոնք պիտի մնան օտարներ: Մինչդեռ անոնք Հայաստանի մէջ ունին շուրջ երեք միլիոն հարազատ, Արցախի` շուրջ 150 հազար եղբայր եւ Ջաւախքի մէջ` 100 հազարէ աւելի հայրենակից:

Այսօր, սուրիահայը կրնայ իր քաղաքական, մշակութային եւ տնտեսական ներդրումը ունենալ հայրենիքի զարգացման մէջ: Հայաստանի երկրորդ անկախութենէն ետք սփիւռքահայերս չընդառաջեցինք «Դէպի Երկիր» կանչին` այն պատրուակով, որ «դիւրին չէ տուն-տեղ ձգել եւ հոն երթալ զերոյէն սկսիլ»: Սակայն այսօր գաղթող սուրիահայը այդ պատրուակը չունի, որովհետեւ արդէն իսկ «տուն-տեղ» կը լքէ, եւ ո՛ւր ալ երթայ «զերոյէն պիտի սկսի»: Ուրեմն ինչո՞ւ գաղթել ապաստանէ ապաստան, եւ չվերադառնալ հայրենիք, որ մեր միակ իսկական ու ապահով ապաստանն է:

Բայց եւ այնպէս նիւթական դժուարութիւններ ունեցողներուն պայմանները կը տարբերին  նիւթապէս հանգիստ սուրիահայերէն: Հետեւաբար, Հայաստանի ներկայ իշխանութիւնները մեծ դեր ունի խաղալիք: Գնահատելի են անոնց առած քայլերը` դիւրացնել ու արագացնել հայկական անցագիր ստանալու հոլովոյթը, Հալէպէն Երեւան յաւելեալ թռիչքներու կազմակերպումը եւ այլն…: Սակայն այս բոլորը բաւարար չեն: Իշխանութիւնները պէտք է ընեն աւելին. երաշխիքներ, ապաստան, գործի առիթներ տան սուրիահայերուն: Իշխանութիւնները պէտք է գիտակցին, թէ սուրիահայութիւնը այսօր զուգահեռ վտանգներու առջեւ կը գտնուի. վտանգ` իբրեւ մարդ, եւ վտանգ` իբրեւ հայ գոյատեւելու Սուրիոյ մէջ, թէ անկէ դուրս: Հետեւաբար, անոնք պէտք է առնեն կարեւոր քայլեր փրկելու համար սուրիահայութիւնը:

Իր կարգին, սուրիահայութիւնը պէտք է գիտակցի, թէ Հայաստանը, Արցախն ու Ջաւախքը ճգնաժամի մէջ են եւ սփիւռքահայու կողմէ կատարուած ամէն տեսակի ներդրումին կարիք ունին` զարգանալու եւ գոյատեւելու համար:

Սիրելի՛ սուրիահայ, այս վերջին դէպքերը ամէնէն յստակ փաստերն են, թէ օտար երկիրներու մէջ հայուն ապահովութիւն ու ապագայ չկայ: Ցաւալի է, որ մեր ծնողները քաջութիւնը չունեցան վերջնականապէս հաստատուելու Հայաստան, սակայն դուն այսօր ոսկեայ առիթը ունիս հաստատուելու հայրենիք, որ միակ ապահով ու հարազատ ապաստանդ է:

Մհերը ունեցի՛ր իբրեւ տիպար օրինակ: Մհերը հաւատաց ու պաշտեց «Դէպի Երկիր» տեսլականը: Անտեսելով իր փայլուն ապագան ու անոր փառքի օրերը, տակաւին նոր պսակուած, մեկնեցաւ հայրենիք, երբ այս վերջինը ճգնաժամի մէջ էր: Յիշէ՛, թէ ինչպէ՛ս սփիւռքահայ Մհերը մեկնեցաւ հայրենիք` նեցուկ կանգնելու Մերուժանին, Լեւոնին, Արտակին ու Ռուդիկին, որոնց եւ ուրիշ հազարաւորներու հետ կիսեց նոյն ճակատագիրը եւ փրկեց ազգն ու հայրենի հողը:

Հայրենի հողը կանչեց Մհերին` պատերազմական վատ օրերուն, եւ ան ընդառաջեց այդ կանչին: Մհերին ու իրեն նման հազարաւոր նահատակներուն կը պարտինք այսօրուան Արցախը:

Սակայն Մհերի արիւնը չէ չորցած: Մարտունիի հողը թաց է տակաւին, եւ Արցախի վերաբնակեցման կը սպասէ, որպէսզի կարմիր կակաչներու ծիլեր տայ…

Մհերի յիշատակին` Մհերի պաշտած գաղափարով…
ԴԷՊԻ ԵՐԿԻՐ:
ԱՐԻ ԳԱԶԱԶԵԱՆ  

Source: AztagDaily – Zavarianagan

Comments

comments