Թեհլիրեան «տան» բացումի բացակայ անդամ(ներ)

Մենք մեր նահատակները կը յիշենք անոնց նահատակութեան օրը, անոնց ոգեկոչման հանդիսութեան։ Բարձրաձայն կը նշենք անոնց հայրերն ու մայրերը մեր ուղերձներուն ընդմէջէն։ Լիզպոնի տղոց հսկումին խօսքերնիս ուղղելով անոնց՝ կը կատարենք խոստումներ, կ՚արտասանենք մխիթարական խօսքեր՝ «ճիշդ է որ դուք կորսնցուցիք ձեր զաւակները սակայն այդ օրէն՝ ձեր կողքին ունիք ամբողջ դաշնակցական երիտասարդներու փաղանքը, որոնցմէ ամէն մէկը կը խոստանայ ըլլալ ձեր զաւակը»։

Հաճախ այսօրուան ծնողք հասկացողութիւնը քննադատելով, օրինակ կու տանք մեր նահատակներուն մայրերն ու հայրերը զանոնք դասելով իբրեւ հայ ծնողի տիպարներ, անոնց հայեցի դաստիարակութիւնը իբրեւ հետեւելու օրինակներ։

Իսկ այս ծնողները՝ իրենց առօրեային մաս դարձուցած մեր լուրերը, ամէն օր կը հետեւին մեր աշխատանքներուն, անհամբեր կը սպասեն մեր յաջողութիւնները։ Իրենք իրենց կը համարեն դաշնակցական ընտանիքի հայրերն ու մայրերը, իսկ ակումբը՝ իրենց նահատակ զաւկին եւ հետեւաբար իրենց տունը։

 

Ուրբաթ՝ այդ ծնողներէն մէկուն նորոգուած տան բացումն էր։ «Սողոմոն Թեհլիրեան» ակումբի վերանորոգման բացումի հանդիսութեան շքեղ էր ամէն ինչ։ Շէնքի փայլքը կը լուսաւորէր ամբողջ թաղը։ Դրօշակները կը ծածանէին։ Հոն էր դաշնակցական մեծ ընտանիքը՝ ամենամեծ ներկայացուցիչէն ամենափոքր պատանին։ Յաջորդաբար խօսքեր արտասանեցին տարբեր ներկայացուցիչներ։ Օրհնութեան խօսք արտասանեց նաեւ լիբանանի հայոց դէմի առաջնորդի ներկայացուցիչը։ Կտրուեցան կարմիր ժապաւէններ։ Կեդրոնը պատրաստ էր շարունակելու իր ծառայութիւնը շրջանի բնակիչներուն՝ նորոգուած տեսքով։

Բայց մենք մորցանք մէկ կարեւոր անդամ՝ այդ տարեց ծնողը, որը իր տունը կը համարէ Թեհլիրեան ակումբը։ Այդ մայրը որ կը պարծենայ իր ակումբով, իր զաւակներով՝ իր լեմականներով ու զոմականներով։

Պէտք էր համեստ աթոռ մըն ալ պահէինք իրեն համար, որ ինքն ալ ներկայ ըլլար իր տան բացման հանդիսութեան, ինքն ալ հպարտօրէն դիտէր լեմական տղոց ու անոնց մէջ տեսնէր իր նահատակ զաւակը։

Մենք սխալեցանք ու հաւատարիմ չգտնուեցանք մեր դաշնակցական բարոյական արժէքներուն ու մեր խոստումին։

Ակումբի բացումը կատարեցինք առանց այդ ակումբի մօր, որը աւելի ուշ տեղեկացաւ բացումի հանդիսութենէն ու հարց տուաւ՝ « ինչո՞ւ ինծի լուր չտուիք…»

 

Սրտի խօսքը փոխանցեց՝ Վաչէ Տաղլեանի մայրը Source: Facebook

Comments

comments