«Տեսակի Կռիւը» ՄՀԵՐ ԳԱՎԼԱԳԵԱՆ

«Տեսակի Կռիւը» ՄՀԵՐ ԳԱՎԼԱԳԵԱՆ

Պարզ է, որ ամէն մարդ նոյն ձեւով չի մտածեր, ո՛չ ալ նոյն ձեւով կը գործէ. նկարագիրները կը տարբերին, նաեւ` մտածելակերպերը, տրամադրութիւնը, ճիշդի ու սխալի ըմբռնումը, ընդունելիի եւ անընդունելիի տարբերութիւնը, սկզբունքը, անկեղծութիւնն ու անոր պակասը, եւ նոյնիսկ` ԵՍ-ի գործօնը: Հետեւաբար, որոշ զննումներէ ետք, կարելի է ընկերութեան մը մէջ եղող, ապրող ու գործողները դասակարգել տարբեր ենթաբաժանումներով: Առաջինը անոնք են, որոնք հաւաքականութիւնը կը գերադասեն ամէն բանէ վեր, յատկապէս` իրենց անձէն վեր: Անոնք անձնական օրակարգեր չունին. անոնց հիմնական շարժիչ ուժն է սկզբունքը, ճշմարտութիւնը եւ հաւաքականութեան բարօրութիւնը: Փտածութեան, անարդարութեան, անիրաւութեան եւ ԵՍ-ի շահերու դէմ պայքարողը հոս կը գտնուի: Հոս ԵՍ-ը անշահախնդիր է, հաւաքական «մենքն» է, որ կը գերադասէ: Անոր համար կարեւոր չէ, թէ ո՛վ է ղեկավարողը, այնքան ատեն որ փտածութենէ, լճացումէ եւ կաշկանդողականութենէ զուրկ կը ղեկավարուի կամ կը գործէ ընկերութեան մէջ: Առ այդ, այդ պարագային ան կը նետուի նախաձեռնելու կամ օժանդակելու եւ պատասխանատուութիւն ստանձնելու` ըստ կարիքի, եւ երբ հարկ ըլլայ: Երկրորդ տեսակը անոնք են, որոնք գիտեն կամ կրնան գիտակցիլ ճիշդի ու ճշմարտութեան գաղափարներուն, սակայն անոնք բաւական շատ «փափկանկատ» են, հետեւաբար չեն սիրեր ոեւէ մէկը նեղացնել: Կը նախընտրեն բոլորին հետ լաւ յարաբերութիւններ մշակել, բոլորին համար «համակրելի» դէմք ըլլալ: Իրենց անձնական եւ անկեղծ կարծիքներն ու տեսակէտները առաւելագոյնը կ՛արտայայտեն հայելիի մը դիմաց: Եւ այսպիսով, կը կորսնցնեն իրենց առանձնայատկութիւնը, անձն ու սեփական նկարագիրը: Անոնք կը դառնան օրուան ստրուկները. աւելի անկեղծ, սակայն աւելի ծանր կոչումով` օրուան պաշտօնեաները: Արդ, այդ կուրացնող հոգեբանութիւնը կը սկսի տիրապետել ու գերակշռել անոնց վաղուց կորսնցուցած արդարադատութեան ու անկեղծութեան ըմբռնումները: Անոնք կ՛ապրին խաբկանքի մէջ ու կը դիտեն իւրաքանչիւր նիւթ` պղծուած ակնոցներով, որոնք իրենց ցոյց կու տան միայն այն, ինչ որ պէտք է տեսնեն, եւ այն, ինչ որ անոնք պէտք է կանխամտադրութեամբ տեսնեն: Իսկ երրորդ տեսակը անոնք են, որոնք կը լողան ճահիճներու մէջ: Հոս ԵՍ-ն է, որ կը գերիշխէ: Անձնական հաշիւներն ու ձգտումները կը գերազանցեն բոլոր զգացումներն ու գաղափարները: Հոս նաեւ կայ եսասիրութեան եւ անձով զմայլելու մեծ տրամադրութիւն: Տրամաբանութիւնը կը դառնայ յարաբերական եւ ենթակայական, էապէս ԵՍ-ի ըմբռնումով: Հոս` կեղծիքները բռնութեամբ կը դառնան փաստարկներ, եւ իրականութիւնը կ՛այլակերպուի յարմարելու համար անձի ու անձնական շահի սկզբունքներուն: Հոս անսխալականութեան մոլորակն է. ոչ ոք կը սխալի… աւելի ճիշդը` ոչ ոք իր սխալը կ՛ընդունի: Հոս յոխորտանքի մնայուն մթնոլորտ կը տիրէ: Սակայն միշտ սխալ են ու կը սխալին ուրիշներ եւ վարկաբեկումի արժանի կը դառնան անոնք, կը նուաստացուին ու կը պիտակաւորուին` իբրեւ ժողովուրդի, հաւաքականութեան եւ բարձրագոյն շահերի թշնամիներ:

Ի դէպ, այս ենթաբաժանումներով կարելի է ամփոփ կերպով նկարագրել ընկերութեան մը մէջ գտնուող ու գործող հատուածները: Այսուամենայնիւ, վերոնշեալ պատկերի հիման վրայ պարզ է հաստատել, թէ որո՛նք են «սեւերը», եւ որո՛նք` «սպիտակները»: Սակայն, առաջին եւ մասամբ նորին երրորդ տեսակները չեն ընկերութեան պատուհասները: Ընկերութեան պատուհասները անոնք են, որոնք կը գտնուին ԵՐԿՐՈՐԴ ենթաբաժանումին մէջ: Անոնք անողնայար եւ անսկզբունք արարածներն են, իսկական քաղցքեղներն են հանրութեան մարմնին, քծնող ու սողուններու նման շրջագայող տզրուկներ: Առ այդ, առողջ ընկերութեան մը նախապայմանը արդարութիւնն ու արդարադատութիւնն է. իսկ այն ընկերութիւնը, որ իր առանձնայատկութիւնը կը գերադասէ իր սկզբունքին, կը կորսնցնէ երկուքը:

Source: Aztagdaily.com

Comments

comments